Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհասփիւռ Ասորիները Մաքրոնին Կոչ Ուղղած Են` Յիշատակելու Նաեւ Իրենց Դէմ Գործուած Ցեղասպանութիւնը

March 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող ասորական 46 համայնքային միութիւններ միացեալ նամակ մը յղած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` կոչ ուղղելով դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ ասորիներու ցեղասպանութիւնն ու ատոր համար եւս յիշատակի օր հաստատելու երկրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ հայկական օրաթերթերէն «ՀայԹերթ»-ը:

Ասորիներու 1915-ին տեղի ունեցած եւ «Սէյֆօ» անունով յայտնի զանգուածային կոտորածներու մասին նամակին մէջ աշխարհասփիւռ ասորական համայնքներու ներկայացուցիչները շեշտած են, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն ցեղասպանութեան ենթարկած է երկրի գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները:

«Ֆրանսայի յարգելի՛ նախագահ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրագործած է քրիստոնեաներու, այսինքն` հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ: Տեղի ունեցած է մեծ ողբերգութիւն, Անատոլուի եւ Միջագետքի ժողովուրդներուն դէմ կոտորածներ, բռնագաղթ եւ դաժանութիւններ իրագործուած են: Բացի ատկէ, պատմական հարստութիւն հանդիսացող մշակութային, հասարակական ու կրօնական ժառանգութիւնը աւարտած է եւ ոչնչացուած», նշուած է նամակին մէջ:

Նամակի հեղինակները ընդգծած են, որ ասորիներու ցեղասպանութիւնը շուրջ 500.000 մարդու կեանք խլած է, իսկ անոնց եկեղեցիները, վանքերն ու հայրենի գիւղերը զանգուածային աւերման ենթարկուած են:

«Սպաննուած են հարիւր հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ, կիները եւ երեխաները բռնի կերպով իսլամացուած են», նշուած է Մաքրոնին ուղղուած նամակին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Պրեքզիթ»-ը Բոլորիս Համար Դաս Է, Իսկ Այժմ Ժամանակն Է Վերանորոգման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Զարիֆ. «Իրանի Համբերութիւնը Սկսաւ Հատնիլ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.