Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Նախագահները քննարկած են ապրիլ 2019-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդ»-ի 8-րդ հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Հաղորդակցութեան աւարտին Փութին շնորհաւորած է Էրտողանը` անոր ծննդեան 65-րդ տարեդարձին առիթով:



