Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պրեքզիթ»-ը Բոլորիս Համար Դաս Է, Իսկ Այժմ Ժամանակն Է Վերանորոգման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

March 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ իր խօսքը եւրոպացի ժողովուրդին ուղղելով կը գրէ. «Սիրելի՛ Եւրոպա, «Պրեքզիթ»-ը բոլորիս համար դաս է, իսկ այժմ ժամանակն է վերանորոգման»:

«Ինծի համար հոյակապ առիթ է, որ եւրոպացիները ուղղակիօրէն խօսին ո՛չ միայն հասարակաց պատմական ու մշակութային կապերուն մասին, այլ նաեւ ներկայ դժուար ժամանակին մասին», կ՛ըսէ ան:

«Յառաջիկայ շրջանին Եւրոպայի մէջ տեղի պիտի ունենան վճռական ընտրութիւններ», յայտնեց Մաքրոն` բոլորին կոչ ուղղելով «ազգայնականներուն եւ անոնց կուսակցութիւններուն առիթ չընծայելու»:

«Միացեալ Եւրոպան Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ի վեր այսքան կենսական հարց չէ եղած», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Ան յայտնեց, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու թղթածրարը կը ներկայացնէ այն խնդիրը, որուն դիմակայել ձախողած է Եւրոպան, ինչպէս նաեւ ձախողած է ներկայ ժամանակաշրջանի տագնապներու դիմակայման համար բաւարար պաշտպանութիւն ունենալու իր քաղաքացիներու փափաքին անսալու:

Մաքրոն կ՛առաջարկէ Եւրոպական Միութեան կառոյցը արդիականացնել երեք առանցքներու ուղղութեամբ` հասարակաց ազատութիւններու եւ խօսքի ազատութեան պաշտպանութիւնը, Եւրոպական ցամաքամասի ինքնութիւնը հաւաքաբար պաշտպանելը եւ յառաջդիմութեան ոգիի վերատիրացումը` «որովհետեւ Եւրոպան միջազգային բեմի վրայ երկրորդ կարգի ուժ մը չէ, այլ մեծ տէրութիւն մը»:

«Ազգայնականութիւն դիմելը անօգուտ է, եւ ատիկա այն թակարդն է, որ կը սպառնայ ամբողջ Եւրոպային: Զայրոյթի ջատագովները կեղծ տեղեկութիւններով զինուած որեւէ բան եւ ամէն բան կը խոստանան», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Նախորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային Ժողովի Որոշումներուն Ուղիով» Ընդհանուր Խորագիրով Հարցազրոյց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Հետ

Յաջորդը

Աշխարհասփիւռ Ասորիները Մաքրոնին Կոչ Ուղղած Են` Յիշատակելու Նաեւ Իրենց Դէմ Գործուած Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.