Եգիպտական ապահովական աղբիւր մը եւ տեղական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Գահիրէի գնացքի կեդրոնական կայարանին մէջ ծագած հրդեհին պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հրդեհը յառաջացած է, երբ գնացք մը բախած է շէնքերէն մէկուն` պատճառելով 24 զոհ եւ 50 վիրաւոր:
Արկածը պատճառ դարձած է շէնքի մը մէկ բաժինին փլուզման: Գնացքը վերանորոգումի բաժինէն արագ կերպով դուրս եկած է եւ բախած շէնքին:
Եգիպտոսի երկաթուղիներու պետական մարմինը յայտարարեց, որ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած արկածը ահաբեկչական արարք մը չէ:



