Բրիտանական օրաթերթեր կը հաղորդեն, որ Բրիտանիոյ նախարարաց խորհուրդի անդամներ վարչապետին դէմ յեղաշրջում մը կը պատրաստեն եւ նպատակ ունին զինք փոխարինել տեղակալով մը` մինչեւ որ տարուան ընթացքին ղեկավարի ճշդման իսկական ընտրութիւն մը տեղի ունենայ:
«Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթի քաղաքական բաժինի խմբագիր Թիմ Շիփմըն յայտնեց, որ Թերեզա Մէյի կառավարութեան անդամները մտադիր են վարչապետին ներկայացնել հրաժարականի պահանջ, որովհետեւ «Պրեքզիթ»-ը մտած է փակուղի, եւ այս վիճակէն դուրս գալու համար նոր ղեկավարի կարիք կայ:
Ըստ օրաթերթերուն, Պահպանողական կուսակցութենէն երեսփոխաններ կրնան տատամսելով զօրակցիլ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի` Եւրոպական Միութեան հետ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ գոյացուցած համաձայնութեան, եթէ վստահ ըլլան, որ ան պիտի վարէ Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլը:
Սակայն օրաթերթերը հակասական տեղեկութիւն կը հաղորդեն, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Մէյը: «Սանտէյ Թայմզ»-ի համաձայն, նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն պիտի փոխարինէ Մէյը, ըստ «Մէյլ ան Սանտէյ»-ի համաձայն` Մայքըլ Կովը: «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, թէ երկու «թեկնածուներն» ալ նշած են, թէ լիարժէքօրէն կը կանգնին Մէյի կողքին:
Կենսոլորտի նախարար Մայքըլ Կով լրագրողներուն յայտնած է, որ «նաւուն պատասխանատու նաւապետը փոխելու ժամանակը չէ», իսկ տէ ֆաքթօ փոխվարչապետ Լիտինկթըն նշեց, որ ինք «100 առ հարիւր» կը կանգնի Մէյի կողքին:
Մինչ այդ, «Պրեքզիթ»-ի հարցով նախարար Սթեֆըն Պարքլի յայտնեց, որ ընտրութիւն մը աւելի հաւանական պիտի դառնայ, եթէ երեսփոխանները այս շաբաթ քուէարկեն ի նպաստ «Պրեքզիթ»-ի ընտրանքի մը, որ կառավարութեան կողմէ մերժուած է:
Միւս կողմէ, հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ շաբաթ օր քայլարշաւ կատարեցին Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի կեդրոնական փողոցներուն մէջ` պահանջելով դադրեցնել «Պրեքզիթ»-ը: Ըստ կազմակերպիչներուն, ցոյցին մասնակցած է 1 միլիոն մարդ:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ նաեւ թափ կ՛առնէ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ երկրորդ հանրաքուէ մը կատարելու շարժումը:



