Միջազգային

Էրտողան. «Կոլանի Իսրայէլեան Բռնագրաւումին  Օրինականացումը Պիտի Չարտօնենք»

Էրտողան. «Կոլանի Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Օրինականացումը Պիտի Չարտօնենք»

Սուրիան Բուռն Կերպով Կը Դատապարտէ Կոլանի Վերաբերեալ Թրամփի «Անպատասխանատու» Յայտարարութիւնը Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Սուրիան բուռն կերպով կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանին վերաբերող անպատասխանատու խօսքերը, որոնք կու գան անգամ մը եւս հաստատելու Միացեալ Նահանգներու սիոնական բռնագրաւող գոյացութեան նկատմամբ կողմնակալութիւնը եւ անոր նախայարձակ վարմունքին նկատմամբ անսահման աջակցութիւնը»: Նախարարութիւնը...

Էրտողան Նովրուզի Տօնին Առիթով  Հրապարակած Է Թրքերէն  Եւ Քրտերէն Շնորհաւորական Ուղերձ Մը

Էրտողան Նովրուզի Տօնին Առիթով Հրապարակած Է Թրքերէն Եւ Քրտերէն Շնորհաւորական Ուղերձ Մը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նովրուզի տօնին առիթով «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ թրքերէն եւ քրտերէն շնորհաւորական ուղերձ մը հրապարակած է: «Կը շնորհաւորեմ գարնան գալուստը խորհրդանշող, մեզի համար, մեր բոլոր տարբերութիւնները յաղթահարելով, մեր անցեալին ու ապագային միասնական տէր կանգնելու իմաստը կրող Նովրուզի օրը», գրած է Էրտողան: Թրքական լրատուամիջոցները նախագահի քրտերէն գրուած ուղերձը նկատած են նշանակալի` հաշուի առնելով, որ...

Իրաքի Մէջ Շոգենաւի Խորտակման  Պատճառով Արձանագրուեցան  Բազմաթիւ Զոհեր

Իրաքի Մէջ Շոգենաւի Խորտակման Պատճառով Արձանագրուեցան Բազմաթիւ Զոհեր

ՀԻւսիսային Իրաքի մէջ` Մուսուլի հիւսիսը Տիգրիս գետին վրայ շոգենաւի մը ընկղմելուն պատճառով արձանագրուեցան 83 զոհեր, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ: Շոգենաւին մէջ գտնուողներէն 41-ը փրկուած են, մնացեալին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: «Սքայ Նիուզ Արապիա» կը հաղորդէ, որ նաւը, որուն վրայ եղած է 170 մարդ, կրնայ միայն 75 մարդ տեղափոխել: Շոգենաւը վարձուած էր Նովրուզի տօնակատարութեան համար:

«Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն  Աւելի Լաւ Բարեկամ Չունի»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն Աւելի Լաւ Բարեկամ Չունի» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Ամերիկան Իսրայէլի լաւագոյն բարեկամն է»: Ան իր խօսքը Իսրայէլի նախագահ Ռուպին Ռիվլինին ուղղելով ըսաւ. «Դուն գիտես, թէ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն աւելի լաւ բարեկամ չունի, եւ այդպէս կը վարուինք առօրեայ կերպով մեր իւրաքանչիւրին շահերուն հիմամբ»: «Խօսեցայ Համասի եւ Հըզպալլայի մասին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն գոյացութիւններուն մասին, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն շրջանի եւ Իսրայէլի...

Բրիտանիոյ Պըրմինկհամ Քաղաքին Մէջ  Յարձակումներ` 4 Մզկիթներու Դէմ

Բրիտանիոյ Պըրմինկհամ Քաղաքին Մէջ Յարձակումներ` 4 Մզկիթներու Դէմ

Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը հաստատեց Պըրմինկհամ քաղաքի մզկիթներուն դէմ կատարուած յարձակումներուն մասին լուրը: Ոստիկանները միջադէպին առնչուած հետաքննութիւն կը կատարեն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ուեսթ Միտլընզ կոմսութեան ոստիկանութեան: «Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշեր տեղի ունեցած յարձակումներուն դրդապատճառները առայժմ մեզի յայտնի չեն», ըսած է ոստիկանութեան բանբեր Տէյվ Թոմփսըն: Յարձակումի առաջին դէպքը ոստիկանութեան յայտնի դարձած է տեղւոյն ժամանակացոյցով գիշերը ժամը...

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի  Որոշումը Պէտք Է Տրուի  Վեհաժողովի Մակարդակի Վրայ»  Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Պահրէյնի Դեսպանը

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Որոշումը Պէտք Է Տրուի Վեհաժողովի Մակարդակի Վրայ» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Պահրէյնի Դեսպանը

Ռուսիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպան Ահմետ Ապտելռահման Սաաթի յայտնեց. «Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցման որոշումը որդեգրուեցաւ Արաբական լիկայի եւ վեհաժողովի մակարդակին վրայ, ուստի Սուրիոյ վերադարձի որոշումը եւս պէտք է որդեգրուի Արաբական լիկային մէջ վեհաժողովի մակարդակի վրայ»: «Մենք միշտ արաբական միասնականութեան կողքին ենք եւ մաղթենք, որ հարցերը վերադառնան իրենց բնականոն հունին, եւ մենք արաբական միաձայնութեան հետ ենք», ըսաւ ան: «Պահրէյն կը ձգտի բնական հեղուկացուած...

Սրեպրենիցայի Ջարդերու Զոհերու  Հարազատները Կ՛ողջունեն Քարաճիչի  Ցկեանս Բանտարկութեան Դատապարտումը

Սրեպրենիցայի Ջարդերու Զոհերու Հարազատները Կ՛ողջունեն Քարաճիչի Ցկեանս Բանտարկութեան Դատապարտումը

Սրեպրենիցայի մէջ զոհուածներու հարազատները ողջունած են Լա Հէյի վերաքննիչ դատարանի չորեքշաբթի օրուան որոշումը, որով պոսնիացի սերպերու ղեկավար Ռատովան Քարաճիչ դատապարտուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան` ցեղասպանութեան ու զինուորական յանցագործութիւններու համար: 2016-ին Լա Հէյի դատարանը Քարաճիչը դատապարտած էր 40 տարուան բանտարկութեան` 1995-ի ամրան Սրեպրենիցայի մէջ աւելի քան 8 հազար իսլամ տղամարդ ու տղաներ զանգուածաբար սպաննելու համար: Սրեպրենիցայի այս կոտորածը կը նկատուի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն...

«Իսրայէլի Մէջ Մեր Դեսպանատան Երուսաղէմ  Փոխադրութեան Որոշումի  Որդեգրման Ձեւը Տակաւին Կը Սերտուի»  Կ՛ըսէ Արաուխօ

«Իսրայէլի Մէջ Մեր Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրութեան Որոշումի Որդեգրման Ձեւը Տակաւին Կը Սերտուի» Կ՛ըսէ Արաուխօ

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Էռնեսթօ Արաուխօ յայտարարեց, որ Իսրայէլի մէջ իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու հարցը «տակաւին կը սերտուի»: «Երուսաղէմի հարցը շատ կարեւոր է եւ կը կազմէ խորքը Իսրայէլի հետ նոր յարաբերութիւններու հաւանական իրավիճակին, սակայն այս որոշումը որդեգրելու կերպը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի»: Պրազիլի նախագահը իր ընտրապայքարին ընթացքին յայտնած էր, թէ մտադիր է Միացեալ Նահանգներուն նման իր երկրին դեսպանատունը Թել...

«Միացեալ Նահանգներու Յառաջիկայ  Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Ըլլայ Անցնող  100 Տարուան Մէջ Կարեւորագոյնը»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Միացեալ Նահանգներու Յառաջիկայ Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Ըլլայ Անցնող 100 Տարուան Մէջ Կարեւորագոյնը» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նոյեմբեր 2020-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ անցնող 100 տարուան մէջ կարեւորագոյնը` նշելով. «Այդ մէկը կատակ չէ»: Պայտըն կը նկատուի 2020-ի նախագահական ընտրութեան ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող դեմոկրատական հաւանական թեկնածուներէն մէկը, սակայն նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու փափաք չէ յայտնած, բայց նաեւ այդ կարելիութիւնը չէ բացառած: «Հաւանական թեկնածուներուն մէջ ձեռքբերումներու...

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Իրանէն Քարիւղի  Արտածումը Կրճատել Մինչեւ  1 Միլիոն Տակառէն Նուազ Մակարդակի

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Իրանէն Քարիւղի Արտածումը Կրճատել Մինչեւ 1 Միլիոն Տակառէն Նուազ Մակարդակի

Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին մայիսէն Իրանէն քարիւղի արտածման ծաւալը նուազեցնել մինչեւ օրական 1 միլիոն տակառէն նուազ մակարդակի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկու իրազեկ աղբիւրներ: «Ներկայիս նպատակ դրուած է Իրանէն քարիւղի արտածման նուազեցումը մինչեւ օրական 1 միլիոն տակառէն նուազ մակարդակի», յայտնած է անոնցմէ մէկը: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, թէ այսպիսով, իրանեան քարիւղի արտածման ընդհանուր ծաւալը, որ ներկայիս կը...

«Եգիպտոս Սուրիոյ Արաբական Լիկա  Վերադարձին Նախապայմաններ Չունի»  Կ՛ըսէ Շուքրի

«Եգիպտոս Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին Նախապայմաններ Չունի» Կ՛ըսէ Շուքրի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարեց, որ Եգիպտոս Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձին նախապայմաններ չունի` ընդգծելով, որ Գահիրէի եւ Դամասկոսի միջեւ ամուր կապեր գոյութիւն ունին: Շուքրի յայտնեց, որ անցնող տարիներուն ընթացքին աշխատանք տարած է սուրիական տագնապը հակակիշռի տակ առնելու եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին խնայելու պատերազմի եւ քանդումի աղէտը, նաեւ սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աշխատանքին առնչուած վտանգները, «ինչպէս նաեւ...

Փենթակոն. «2 «Էֆ-35»-ներ Նոյեմբերին  Պիտի Յանձնուին Թուրքիոյ»

Փենթակոն. «2 «Էֆ-35»-ներ Նոյեմբերին Պիտի Յանձնուին Թուրքիոյ»

«Էս-400»-ներու Գնումը Ազգային Հարց Է, Զէնքի Նախընտրութիւնը ՕԹԱՆ-ի Գործը Չէ» Կ՛ըսէ Փիչ ՕԹԱՆ-ի Զինուորական յանձնախումբի նախագահ, օդուժի հրամանատար սըր Սթիուըրթ Փիչ նշած է, թէ դաշինքին պարտականութեան մէջ չի մտներ Թուրքիոյ խորհուրդ տալ, թէ ո՛ր զէնքը գնէ կամ չգնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Փիչ «Տիֆենս Նիուզ» ամսագիրին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրենք պիտի չմիջամտեն Թուրքիոյ...

«Նոր Զելանտայի Ջարդին Վերաբերեալ  Էրտողանի Յայտարարութիւնները  Անխոհեմ Եւ Ամօթալի Են»  Կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Վարչապետը

«Նոր Զելանտայի Ջարդին Վերաբերեալ Էրտողանի Յայտարարութիւնները Անխոհեմ Եւ Ամօթալի Են» Կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Վարչապետը

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն նշեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ երկու մզկիթներուն դէմ գործուած յարձակումներէն ետք կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք մեր գտնուած շատ զգայուն միջավայրին մէջ աւստրալիացիներուն համար մեծապէս վիրաւորական ու շատ անխոհեմ կը նկատեմ»: Ան յայտնեց, որ Աւստրալիոյ կողմէ Էրտողանի խօսքերուն հակադարձութեան համար «բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»: «Ես կ՛ակնկալեմ եւ պահանջած եմ, որպէսզի այս...

Բրիտանիա «Պրեքզիթ»-ի Մինչեւ  30 Յունիս Յետաձգումը Կը Պահանջէ

Բրիտանիա «Պրեքզիթ»-ի Մինչեւ 30 Յունիս Յետաձգումը Կը Պահանջէ

Ֆրանսան Եւ Իտալիան Պատրաստ Են Արգելակելու «Պրեքզիթ»-Ի Յետաձգումը Եւրոպական Միութեան հիմնադիր առնուազն երկու երկիրներ` Ֆրանսան եւ Իտալիան պատրաստ են միութեան այսօր ընթացք առնող երկօրեայ վեհաժողովին ընթացքին արգելակելու Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու` «Պրեքզիթ»-ի յետաձգումը, եթէ երաշխիքներ չստանան, թէ այդ յետաձգումը պիտի արտօնէ ապահովել Բրիտանիոյ կազմակերպուած հեռացումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է եւրոպական դիւանագիտական աղբիւր մը:...

Ալճերիոյ Մէջ Նոր Դաշինք Մը  Պութաֆլիքայի Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու

Ալճերիոյ Մէջ Նոր Դաշինք Մը Պութաֆլիքայի Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու

Խումբ մը ալճերիացի քաղաքագէտներէ եւ ընդդիմադիր անձնաւորութիւններէ կազմուած նոր դաշինք մը Ալճերիոյ նախագահ Ապտելազիզ Պութաֆլիքային կոչ ուղղեց` 28 ապրիլին` իր նստաշրջանի աւարտին հեռանալու իշխանութենէն: Դաշինքը նաեւ կառավարութեան կոչ ուղղեց հրաժարելու եւ առաջարկեց փոխանցման փուլի մը աւարտին նոր ընտրութիւններ կատարելու: Դաշինքը նաեւ ալճերիական բանակը յորդորեց ստանձնելու սահմանադրական դերակատարութիւն մը` առանց միջամտելու «ժողովուրդի ընտրանքին» մէջ: Ալճերիոյ նախագահը յայտարարած էր, թէ երկիրը կ՛ուղղուի...

ՆԱՍԱ Նշմարած Է Մեծ Արագութեամբ  Դէպի Երկիր Ուղղուող Փոքր Երկնաքար Մը

ՆԱՍԱ Նշմարած Է Մեծ Արագութեամբ Դէպի Երկիր Ուղղուող Փոքր Երկնաքար Մը

ՆԱՍԱ-ն նշմարած է մեծ արագութեամբ դէպի Երկիր ուղղուող փոքր երկնաքար մը, զոր կոչած է «Ի.Էյ.2»: ՆԱՍԱ-ի համաձայն, նշեալ փոքր երկնաքարի արագութիւնը երկվայրկեանի մը մէջ 5 քիլոմեթր է, եւ Երկիրին առաւելագոյն չափով պիտի մօտենայ 22 մարտին: ՆԱՍԱ աւելցուց, որ փոքր երկնաքարը Երկիրի մօտէն պիտի անցնի 305 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան մը վրայ, ինչ որ շուրջ 80 հազար քիլոմեթրով աւելի մօտ է, քան...

Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Քննադատէ  Ռիկայի Մէջ «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի  Վեթերաններու Քայլարշաւը

Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Քննադատէ Ռիկայի Մէջ «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի Վեթերաններու Քայլարշաւը

Լաթվիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը դատապարտեց «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի լեգէոնականներուն եւ անոնց համակիրներուն Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ քայլարշաւը` զայն նկատելով ամօթալի արարք մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը: Դեսպանատունը «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Ի՜նչ ամօթ: «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի նախկին լեգէոնականներ եւ անոնց համակիրները անգամ մը եւս պատիւով «կանոնաւոր կերպով կը քալեն» եւրոպական մայրաքաղաքի մը կեդրոնին մէջ: Եւ ասիկա տեղի կ՛ունենայ Ռիկայի`...

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Երաշխաւորման Շուրջ  Երկկողմանի Աշխատանքը  Շարունակելու Համաձայնութիւն

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւորման Շուրջ Երկկողմանի Աշխատանքը Շարունակելու Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փաթրիք Շանահան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլի համաձայնեցան «Սուրիոյ մէջ գործակցութիւնը շարունակել` երաշխաւորելու համար այդ երկրին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: Փենթակոնը յայտնեց, որ երկու նախարարները` իբրեւ Միջազգային դաշինքին մէջ գործընկերներ, որոշեցին շարունակել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորելու երկկողմանի աշխատանքը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուց, որ երկու կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան մարզի, ներառեալ Միացեալ...

«Եւրոպական Խորհուրդի Վեհաժողովի Նախօրեակին  «Պրեքզիթ»-ի Յետաձգումը Պիտի Պահանջենք»  Ըսաւ Բրիտանացի Նախարար Մը

«Եւրոպական Խորհուրդի Վեհաժողովի Նախօրեակին «Պրեքզիթ»-ի Յետաձգումը Պիտի Պահանջենք» Ըսաւ Բրիտանացի Նախարար Մը

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն հեռացման հարցով պետական փոխնախարար Քուասի Քուարթենկ յայտնեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ քանի մը օրերուն նախատեսուած Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովին նախօրեակին պիտի պահանջէ «Պրեքզիթ»-ի յետաձգումը` աւելցնելով, որ Բրիտանիա կը սպասէ, որ խորհուրդը իր վեհաժողովի ընթացքին այդ հարցով որոշում մը տայ: Բրիտանիոյ խորհրդարանը անցեալ շաբաթ քուէարկած էր ի նպաստ 29 մարտին նախատեսուած «Պրեքզիթ»-ի յետաձգման:

Քարաքաս Կը Յայտնէ, Թէ Ընդդիմութիւնը  Գրաւած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի  Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան Շէնքերը

Քարաքաս Կը Յայտնէ, Թէ Ընդդիմութիւնը Գրաւած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան Շէնքերը

Վենեզուելայի կառավարութիւնը յայտնած է, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները գրաւած են Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով երկրին կառավարութեան տարածած յայտարարութիւնը: «Պոլիվարեան հանրապետութիւնը միջազգային ընտանիքին կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքերը բռնի կերպով գրաւուած են այն մարդոց կողմէ, որոնք կը վայելեն ամերիկեան կառավարութեան հրապարակային աջակցութիւնը եւ ներկայիս հանդէս կու գան...

Page 540 of 884 1 … 539 540 541 … 884

Արխիւներ