Ընկերվար միջազգայնականը յայտարարութիւն տարածած է Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի տարածք ճանչցող` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին վերաբերեալ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր հրամանագիրով Կոլանի բարձունքները ճանչցած է իբրեւ իսրայէլեան տարածք: Այս որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնց մէջ ընդգծուած է «պատերազմի միջոցով տարածքներ նուաճելու անթոյլատրելիութիւնը եւ արդար ու կայուն խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որուն պայմաններով կ՛ապահովուի այդ շրջանի իւրաքանչիւր պետութեան անվտանգութիւնը»:
Ընկերվար միջազգայնականը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ լուծման այն տարբերակին, որ կ՛երաշխաւորէ, որ Իսրայէլն ու Պաղեստինը, իբրեւ երկու պետութիւն, կողք-կողքի ապրին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ: Միաժամանակ, մենք հաւասարապէս յանձնառու ենք ապահովելու Սուրիոյ ժողովուրդին ապագայ խաղաղութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնը»:


