Կարսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոս Նուրու Ղուլիեւ բողոք ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյի դէմ` յայտարարելով, որ վերջինս շանթաժի կ՛ենթարկէ զինք: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ազինֆորում» կայքը:
Կ՛ենթադրուի, որ Կիւլպէյ հիւպատոսի օգնական Պեհպուտ Կատալըի միջոցով փորձած է շանթաժի ենթարկել Ղուլիեւը` նշելով, որ իր մօտ կան լուսանկարներ, որոնք կ՛ապացուցեն կիւլենական շարժումին հետ անոր կապը:
Իգդիրի հանրապետական դատախազութիւն ներկայացուած բողոքի հիման վրայ սկսած է հետաքննութիւն, որուն ծիրին մէջ հարցաքննուած է նաեւ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» նախագահը: Վերջինս հերքած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքները` նշելով, որ հիւպատոսի օգնականը վերջին անգամ տեսած է Խոջալուի դէպքերուն նուիրուած ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին եւ անոր որեւէ լուսանկար ցոյց չէ տուած:
Պեհպուտ Կատալը, սակայն, հաստատած է, որ Կիւլպէյ անոր ցուցադրած է հիւպատոս Ղուլիեւի եւ թուրք նախկին պաշտօնեայ, կիւլենական համայնքի անդամ ըլլալու համար հետապնդուող անձի լուսանկար` նշելով, որ եթէ չկատարեն իր պահանջները` պիտի հրապարակէ զայն: Ի պատասխան ատոր, հիւպատոսի օգնականը լուսանկարը ուղարկած է Ազրպէյճանի մէջ համապատասխան մարմիններուն ու հաստատած, որ ատիկա կեղծ է եւ «Ֆոթոշափ» ծրագիրի արդիւնք է:
Մեկնելով հետաքննութեան բնոյթէն` աղբիւրը չէ նշած, թէ Կիւլպէյ ի՛նչ պահանջներ ներկայացուցած է ազրպէյճանցի հիւպատոսին` անոր եւ կիւլենական պաշտօնատարի լուսանկարը չհրապարակելու դիմաց:



