Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան Թուրքիոյ` Ռուսիայէն «Էս-400» հակահրթիռային համակարգերու գնման գործարքին վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Ներկայացուցիչներու տան զինուորական ծառայութեան խորհուրդին մէջ կազմակերպուած նիստի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը նախատեսե՞ն Թուրքիոյ «Էֆ-35» օդանաւեր վաճառել, ան պատասխանած է. «Ի հարկէ, կ՛ուզենք: Սակայն, Թուրքիան նախքան «Էֆ-35» հալածիչներ գնելու ցանկութիւն յայտնելը, պէտք է ձեռք բերէ «Փաթրիոթ» համակարգերը»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն կը պահանջեն հրաժարիլ Ռուսիայէն «Էս-400»-ներու գնման գործարքէն` ատոր փոխարէն առաջարկելով սեփական արտադրութեան «Փաթրիոթ» համակարգերը, սակայն Էրտողան բազմիցս յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ հետ գործարքը արդէն պատմական եղելութիւն է, եւ ետքայլ կատարելու մասին խօսք չկայ:



