Մեքսիքայի նորընտիր նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփեզ Օպրատոր յայտարարեց, թէ երկու անջատ նամակներ յղած է Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. թագաւորին ու Ֆրանչիսկոս պապին եւ անոնցմէ պահանջած լիարժէքօրէն ճանչնալ 500 տարի առաջ Մեքսիքա ներխուժման ու անոր յաջորդող գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին գործուած ոտնձգութիւնները եւ ներում հայցել Մեքսիքայի բնիկ ժողովուրդէն` «անոնց մարդկային իրաւունքը» ոտնահարող այդ արարքներուն համար:
Ան ըսաւ, թէ «սուրով եւ խաչով» տեղի ունեցած ներխուժումին ընթացքին տեղի ունեցած են ջարդեր ու բռնաճնշում: «Անոնք իրենց եկեղեցիները կառուցեցին բնիկներու մեհեաններուն վրայ», ըսաւ ան:
«Ժամանակն է հաշտութեան, սակայն նախ ներում հայցենք», նշեց Մեքսիքայի նախագահը:
Սպանիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս Մեքսիքայի նախագահին պահանջին իր «կտրուկ մերժումը» յայտարարեց` նշելով. «Սպանացիներուն 500 տարի առաջ մեքսիքական հողեր հասնիլը կարելի չէ դատել արդիական նկատառումներու լոյսին տակ»:



