Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Խամիս Ժահինաուի յայտնեց, որ Թունուզի մէջ արաբական վեհաժողովին Սուրիոյ մասնակցութեան հարցը թունուզեան որոշում մը չէ, այլ կը շարունակէ մնալ արաբական յատուկ հարց մը` նշելով, որ արաբ ղեկավարները յարմար ժամանակին անգամ մը եւս պիտի սերտեն այդ հարցը` կացութիւնը գնահատելու եւ իմանալու այդ արաբական երկիրը արաբական օրրան վերադարձնելու կարելիութիւնը:
Թունուզի արտաքին գործոց նախարարը քուէյթեան ՔՈՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ արաբական պետութիւնները պէտք է գիտակցին, թէ Սուրիան պատրաստ է անգամ մը եւս վերադառնալու սուրիական տուն եւ 2011-ին անոր անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումին որդեգրման մղած դրդապատճառները չքացած են:
Ան նշեց, որ ինք չի գիտեր, թէ այս հարցը ե՛րբ վերջնականապէս պիտի վճռուի` աւելցնելով, որ այս հարցը քննարկուեցաւ անցեալ փուլին, եւ Սուրիան պէտք է օր մը վերադառնայ իր բնական վայրը:



