Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Կոլանը Մերն Է Պատմական Եւ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքի Հիմամբ»

Մարտ 27, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թրամփ Ստորագրեց Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Հռչակագիրը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի օր ստորագրեց սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը: Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին:

«Ապագայ որեւէ խաղաղութեան համաձայնութիւն պէտք է նկատի ունենայ Սուրիոյ, Իրանի եւ Հըզպալլայի ուժը», ըսաւ Թրամփ:

Իսրայէլի վարչապետը իր կարգին ըսաւ. «Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ շարք մը բարեկամներ ունեցած եմ, սակայն (Թրամփէն) աւելի լաւ բարեկամ մը չեմ ունեցած»:

Հռչակագիրին ստորագրութենէն անմիջապէս ետք բարձրացաւ զայն մերժող արաբական, իսլամական ու միջազգային կեցուածքներու ալիք մը, որ երէկ եւս շարունակուեցաւ:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ Կոլանը բռնագրաւած է 5 յունիս 1967-էն ի վեր եւ կը մերժէ սուրիական այդ տարածքէն հեռանալ, հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 242 եւ 338 որոշումներուն, աւելի՛ն, Իսրայէլ 14 դեկտեմբեր 1981-ին յայտարարեց Կոլանի կցումը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Ուաշինկթընէն հեռանալէ առաջ յայտնեց, որ «այժմ Ուաշինկթըն պատմական այցելութենէ կը վերադառնամ: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Կոլանի բարձունքներուն վրայ մեր գերիշխանութիւնը ճանչնալը սերունդներ պիտի յիշեն: 50 տարի անցաւ, մինչեւ որ այդ ճանաչումը ստացանք»` աւելցնելով. «Ասիկա միջազգային կեանքին մէջ կարեւոր սկզբունք մըն է. երբ նախայարձակ պատերազմ կը շղթայազերծես եւ հողեր կը կորսնցնես, հետագային գալով անոնց վերադարձը մի՛ պահանջեր: Այդ հողերը մերն են, եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ պատմական արմատներ ունինք, եւ երբ այդտեղ բահով կը փորես, կը գտնես հրէական հոյակապ տաճար մը, որ այժմ կը վերանորոգենք»:

«Կոլան վերադարձանք, եւ Կոլանը մերն է պատմական իրաւունքի եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի հիմամբ, եւ Թրամփ ատիկա ճանչցաւ», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

Էրշաթ Սալիհի. «Կոլանը Ո՛չ Հրէական, Ո՛չ Ալ Արաբական Է, Այլ Թուրքմենական»

«Թայմթուրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրաքի թուրքմեններու ճակատի նախագահ Էրշաթ Սալիհին այդ յայտարարութեան վերաբերեալ իր թուիթըրեան էջին վրայ յայտարարած է, թէ Քունէյթրա քաղաքին մէջ յայտնաբերուած են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ Կոլանի բարձունքները կը պատկանին թուրքմեններուն:

«Սուրիոյ մէջ 4 տարի ապրելով` լաւ տեղեակ եմ շրջանի տեղագրութեան եւ աշխարհագրութեան: Այնտեղ ապրողները Սուրիոյ թուրքմեններն են: Սակայն 1967-ին բռնագրաւումը պատճառ դարձաւ, որ բնակիչները, իբրեւ գաղթական, տեղափոխուին Դամասկոս: Այդ վայրը ո՛չ հրէական է, ո՛չ ալ` արաբական: Ատիկա թուրքմենական շրջան է», գրած է Սալիհի:

Անգարա. «Թրամփի Որոշումը Առ Ոչինչ Է»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Կոլանի բարձունքները իբրեւ Իսրայէլի մէկ մասը ճանչցող որոշումին ստորագրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:

Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու այդպիսի կեցուածքը կ՛ապացուցէ, թէ այդ երկիրը կ՛ուզէ ոչ թէ Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման մաս կազմել, այլ` բուն խնդիրին:

Ըստ թրքական կողմին, Թրամփի կայացուցած որոշումը «առ ոչինչ» է եւ չի կրնար ընդունուիլ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի այդ որոշումը կոչած էր «Իսրայէլի բռնագրաւումը օրինականացնելու փորձ» եւ շեշտած, թէ իրենք երբեք այդպիսի բան չեն կրնար արտօնել:

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Արեւմտեան Կիսագունդի Մէջ Օտարերկրեայ Զինուորական Ներկայութիւն Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Կը Քննադատէ Թրամփի Որոշումին Նկատմամբ Լուռ Մնացած Կարգ Մը Արաբական Երկիրները

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?