Միացեալ Նահանգներ Կրնան Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Այլընտրանքային Կազմակերպութիւն Ստեղծել
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ չէ բացառած, որ իր երկիրը կրնայ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան իբրեւ այլընտրանք սեփական առողջապահական կազմակերպութիւն ստեղծել: Ըստ արտաքին գործոց նախարարին, այդ կազմակերպութիւնը պիտի զբաղի առողջապահական խնդիրներու լուծումով, որուն մէջ ձախողած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքս Պիզնես»-ը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը լրագրողի` Միացեալ Նահանգներու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան...


















