Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ անոր որ նախնական տեղեկութիւններ «Քորոնա» ժահրի վտանգները փոքր նկատած են, այսուհետեւ ինք սկիզբէն նախաձեռնած է Միացեալ Նահանգները փակելու:
«Քորոնա» ժահրը Չինաստանէն եկաւ, եւ պէտք էր ատոր այդտեղ վերջ տալ, սակայն չիները ատիկա չկատարեցին, եւ ատոր պատճառը պիտի գիտնանք», նշեց Թրամփ:
«Կը կարծեմ, որ մինչեւ տարեվերջ պատուաստ պիտի ունենանք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ քանի մը դեղագործական ընկերութիւններ, մասնաւորաբար «Ճոնսըն անտ Ճոնսըն»-ը պատուաստի մշակման «մօտ են»:
Պատասխանելով այլ երկրի մը կողմէ «Քորոնա» ժահրի պատուաստը գտնելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց. «Եթէ այլ երկիր մը ըլլայ, գլխարկս պիտի բարձրացնեմ: Հոգս չէ, ես միայն յաջող պատուաստ կ’ուզեմ ստանալ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նախատեսեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրանայ 80 կամ 90 հազարի:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած են 1.450 անձեր եւ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 68.598-ի, իսկ վարակուածներունը` 1.188.122-ի:
Նոր Զելանտայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 16 մարտէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագայ չարձանագրուեցաւ:
«Այսօր մենք չենք արձանագրած «ՔՈՎԻՏ-19»-ի պարագաներ: Վարակի հաստատուած պարագաներու ընդհանուր թիւը տակաւին 1487 է: Ակնյայտօրէն այս թիւերը յուսադրող են, սակայն ատիկա միայն ժամանակի խնդիր կրնայ ըլլալ», յայտարարեց Նոր Զելանտայի առողջապահութեան ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Աշլի Պլումֆիլտ` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով չկորսնցնելու զգօնութիւնը:
Պլումֆիլտ աւելցուց, որ վերջին օրուան ընթացքին երկրին մէջ ժահրին պատճառով մահեր չեն արձանագրուած: Նոր Զելանտայի մէջ մահացածներուն թիւը կը շարունակէ 20 մնալ, իսկ ապաքինածներուն թիւը 1.276 է:
«Նիւ Զիլընտ Հերըլտ» թերթը կը նշէ, որ երկրին մէջ վեց շաբթուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է:
Երէկ Իտալիոյ իշխանութիւնները մեղմացուցին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով հաստատուած սահմանափակումները, որոնք հաստատուած էին 22 մարտին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ընդհանուր առմամբ աշխատանքի վերադարձած են 4,5 միլիոն մարդիկ: Վերսկսած է հանրային փոխադրամիջոցներու աշխատանքը:
Միեւնոյն ժամանակ կը շարունակեն փակ մնալ ճաշարանները, գինետուները, առեւտուրի կեդրոնները, մարզասրահները, լողաւազաններն ու վարսայարդարման սրահները: Չեն բացուիր նաեւ ուսումնական հաստատութիւնները, մանկապարտէզները: Դպրոցականներն ու շրջանաւարտները քննութիւններ պիտի յանձնեն առցանց:
Եկեղեցիներուն մէջ կը վերսկսին յուղարկաւորութեան արարողութիւնները, սակայն անոնց կրնայ մասնակցիլ առաւելագոյնը 15 մարդ: Կ’արտօնուի այցելել բնակութեան նոյն վայրին մէջ ապրող մօտիկ ազգականներուն եւ մնայուն գործընկերներուն:
Իշխանութիւնները կը ծրագրեն հսկողութիւն կատարել եւ տեսնել, թէ արգելքներու մեղմացումները ինչպէ՛ս կ’ազդեն վարակման ընթացքին վրայ: Եթէ երկրին մէջ վարակի մեծ աճ չըլլայ, ապա 18 մայիսին պիտի վերաբացուին խանութներն ու թանգարանները, իսկ 1 յունիսին` ճաշարաններն ու վարսայարդարման սրահները:
Վերջին տուեալներով, Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 210.717 է, իսկ մահացածներունը` 28.884:
Գերմանիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր աշակերտներ վերադարձան դպրոցներ, իսկ Փորթուգալի մէջ վերաբացուեցան խանութները, սակայն որոշ պայմաններով. այստեղ առանց դիմակի մարդիկ մինչեւ 350 եւրոյի տուգանքի կ’ենթարկուին:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 3.500.517-ի, իսկ մահացածներունը` 246.893-ի: Ժահրէն ամէնէն շատ վնասուած ցամաքամասին` Եւրոպայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.547.180-ի, իսկ մահացածներունը` 143.584-ի:
Ճափոնի վարչապետ Սինցօ Ապէ յայտարարեց, որ Ճափոն 834 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ջանքերուն: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը այդ ջանքերուն 525 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ:
Մինչ այդ, Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 679 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 163.175-ի, իսկ մահացածներունը 6.692-ի: Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան վարակման 3 պարագաներ, որոնք բոլորն ալ արտասահմանէն վերադարձածներ են: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 82.880-ի: Մահացածներուն թիւը կը մնայ 4.633:
Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 10.581 եւ մահուան 76 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 145.268-ի, իսկ մահացածներունը` 1.356-ի: Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 545 եւ մահուան 164 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 218.011-ի, իսկ մահացածներունը` 25.428-ի: Թուրքիոյ մէջ վերջին վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1.670 եւ մահուան 61 պարագայ: