Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կորպաչով Բոլոր Պետութիւններուն Կ’առաջարկէ Իրենց Պաշտպանութեան Պիւտճէն 10-15 Առ Հարիւրով Նուազեցնելու Պարտաւորութիւն Ստանձնել

May 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչով ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղած է պաշտպանութեան պիւտճէները 10-15 առ հարիւրով կրճատելու պարտաւորութիւն ստանձնել, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը յստակ ցոյց տուած է, թէ միջոցները զինուորական նպատակներէն պէտք է մարդոց անվտանգութեան ապահովման ոլորտ ուղղել:

Խորհրդային Միութեան առաջին եւ միակ նախագահը կը գրէ, թէ այժմ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ մարդու անվտանգութիւնը, սնունդի եւ ջուրի մատակարարումը, շրջակայ միջավայրի պահպանումը:

Քաղաքական գործիչին կարծիքով` պէտք է արմատապէս փոխել անվտանգութեան մասին պատկերացումները, որոնք մինչեւ հիմա հիմնականին մէջ կ’ընդհանրացուին զինուորական ոլորտին հետ:

«Սակայն բոլոր ջանքերն ալ պիտի ձախողին, եթէ կառավարութիւնները շարունակեն հսկայական միջոցներ ներդրել սպառազինութիւններու մրցավազքին մէջ: Այսօր առաւել քան յստակ է. պէտք է վերաբաշխել միջոցները, զինուորական նպատակներէն զանոնք ուղղել նպատակներու, որոնք առնչուած են մարդու անվտանգութեան հետ», համոզուած է Կորպաչով:

Ան նաեւ կը խօսի «ռազմավարութիւն մշակելու, պատրաստուելու, ծրագրելու, պահեստներ ստեղծելու» անհրաժեշտութեան մասին` յանուն մարդոց անվտանգութեան: Անոր կարծիքով` ատոր համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն երկիրներու բոլոր մակարդակներու վրայ գտնուող ղեկավարները:

Խորհրդային Միութեան նախկին ղեկավարը դարձեալ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ համաշխարհային քաղաքականութեան, միջազգային յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական մտածողութեան անհրաժեշտ է ապառազմականացում, եւ նշած է այդ հարցը բարձրագոյն միջազգային մակարդակով քննարկելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ճիշդ այդ պատճառով ես կոչ ուղղած եմ իրավիճակի կայունանալէն ետք ՄԱԿ-ի արտակարգ նիստ հրաւիրելու: Խօսքը պէտք է ըլլայ համաշխարհային օրակարգի ամբողջական վերանայման մասին: Մասնաւորաբար ես պետութիւններուն կ’առաջարկեմ պարտաւորութիւն ստանձնել պաշտպանութեան պիւտճէները 10-15 առ հարիւրով կրճատելու մասին: Ատիկա նուազագոյնն է, որ պէտք է այսօր կատարուի», գրած է Կորպաչով:

Անոր կարծիքով` համաճարակը բոլոր երկիրները նոյն սպառնալիքին առջեւ կանգնեցուցած է, «եւ ոչ ոք մինակը ի վիճակի չէ զայն յաղթահարելու»:

Կորպաչովի գնահատականներով` «Քորոնա» ժահրը ամէնէն ուժեղը կը հարուածէ ոչ ունեւոր խաւին եւ կը խորացնէ անհաւասարութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ այս մարտահրաւէրին պատասխանը չի կրնար «ազգային» ըլլալ, եւ «որպէսզի աշխարհը համաճարակէն ետք իրօք դէպի լաւը փոխուի, անհրաժեշտ է համաշխարհային ռազմավարութիւն` համաձայնեցուած բոլորի ջանքերով»:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Պետական Պարտքը Մրցանշային Չափով Պիտի Աճի

Յաջորդը

Թրամփ Կը Հաւաստէ, Որ Գաղտնի Սպասարկութիւնները Նոյեմբեր 2019-ին «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերեալ Որեւէ Նախազգուշացում Չեն Կատարած

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.