Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի կարգ մը մրցումները շատ հաւանաբար ցուցադրուին «Youtube»-ով եւ անվճար, այս գծով կը յայտնէ The Sun-ը:
Ախոյեանութեան մրցումներուն մեծամասնութիւնը պատկերասփռողները պիտի ըլլան՝ «Sky Sport» եւ «BT» հեռատեսիլի ընկերութիւնները: Սակայն ոմանք պիտի պատկերասփռուին «Youtube»-ով:
Վերջերս յստակ դարձաւ, որ «Փրեմիեր-Լիկ»-ը ներկայացնող ակումբները համաձայն գտնուած են կիսատ մնացած ախոյեանութեան վերսկսման: Այժմ,«Փրեմիեր-Լիկ»-ի կազմակերպիչները մեծ աշխատանք կը տանին կառավարութենէն արտօնութիւն ստանալ, անոր վերսկսման գծով:
Ըստ անգլիական մամուլին, ակումբներուն փորձերը պիտի վերսկսին յառաջիկայ 18 մայիսին: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը ընդհատուեցաւ նախորդ 13 մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:



