Միջազգային

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Պայքարիլ  Հայկական Եւ Յունական Լոպիներէն Մինչեւ Ծոցի Շրջանին Մէջ Ատելութեան Կեդրոններ Երկարող Չար Ուժերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Պայքարիլ Հայկական Եւ Յունական Լոպիներէն Մինչեւ Ծոցի Շրջանին Մէջ Ատելութեան Կեդրոններ Երկարող Չար Ուժերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին եւ երկրի տնտեսական իրավիճակին նուիրուած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է դժուար իրավիճակին մէջ իշխանութիւններուն աջակցող ուժերուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է այն ուժերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ սպառնալիք կը տեսնէ Թուրքիոյ համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիոյ դէմ կատարուող ոչ մէկ խաղ կրնայ խաթարել մեր օրհնուած երթը: Մենք պիտի շարունակենք...

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Առաջարկած Են Յատուկ Օդանաւ Ուղարկել Իր Քաղաքացիները Հայրենիք Տեղափոխելու Համար

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Առաջարկած Են Յատուկ Օդանաւ Ուղարկել Իր Քաղաքացիները Հայրենիք Տեղափոխելու Համար

  Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Քեն Քուչինելի յայտնած է, թէ Թեհրան կրնայ յատուկ օդանաւ մը ուղարկել Միացեալ Նահանգներէն իր 11 քաղաքացիները վերադարձնելու համար: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի 11 քաղաքացիները իրենք յայտնած են հայրենիք վերադառնալու ցանկութեան մասին, իսկ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտադիր են արտաքսել զանոնք: «Մեր մօտ կը գտնուին ձեր 11 քաղաքացիները, որոնք այստեղ ապօրինի կերպով...

Իտլիպի Մէջ Ռուս-Թրքական Հսկողութեան Խումբի Ճամբու Փակման Ընթացքին Պայթումներ

Իտլիպի Մէջ Ռուս-Թրքական Հսկողութեան Խումբի Ճամբու Փակման Ընթացքին Պայթումներ

Իտլիպի հարաւը գտնուող Հալէպ-Լաթաքիա մայրուղիին վրայ Արիհա կամուրջին մօտէն անցնելուն ընթացքին ռուս-թրքական հսկողութեան խումբին մօտ ինկած են շարք մը ռումբեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Գործիչներ յայտնած են, որ հրթիռները ինկած են հսկողութեան խումբին մօտ, որ պահ մը կանգնած է, երբ զինեալ խմբաւորումներու կարգ մը համակիրներ անոր ճամբան փակած են եւ արգելք հանդիսացած, որ ճամբան շարունակէ դէպի...

Հիւսիսային Եւ Հարաւային Ամերիկաները  Վերածուած Են Համաճարակի Կեդրոնի «Գերմանիան «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Նոր Փուլ Մուտք Կը Գործէ» Կ՛ըսէ Մերքել

Հիւսիսային Եւ Հարաւային Ամերիկաները Վերածուած Են Համաճարակի Կեդրոնի «Գերմանիան «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Նոր Փուլ Մուտք Կը Գործէ» Կ՛ըսէ Մերքել

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան բանբեր Մարկրիթ Հարիս Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաները նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի կեդրոն դարձած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Երկու Ամերիկաներուն մէջ ալ վարակուածներուն թիւը կ՛աւելնայ: Ամերիկաները այժմ համաճարակի կեդրոն պիտի կոչենք», նշած է ան: Հարիս նաեւ ընդգծած է, որ ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի...

Ռուսիա, Իրան Ու Թուրքիա Կը Բանակցին Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Գծով

Ռուսիա, Իրան Ու Թուրքիա Կը Բանակցին Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Գծով

Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա կը բանակցին Սուրիոյ հարցով «Ասթանայական եռեակ»¬ի նոր վեհաժողովի մը շուրջ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւին: «Բանակցութիւններ կ՛ընթանան, կը շարունակուին խորհրդակցութիւնները ասթանայական հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներուն միջեւ: Ասթանայի հոլովոյթը կենդանի է, դադարը պայմանաւորուած է «Քորոնա» ժահրով», նշած է Մուսաւի: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թեհրանի վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ աշխարհի...

Իրանի Ծովուժի Ռազմափորձի Ընթացքին Արկածի Պատճառով` Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Իրանի Ծովուժի Ռազմափորձի Ընթացքին Արկածի Պատճառով` Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Իրանի ծովուժի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ կիրակի գիշեր «Ժասեքի եւ Թշապահար»¬ի ջուրերուն մէջ ռազմափորձի ընթացքին «Քոնարաք» փոքր նաւուն հետ տեղի ունեցած է արկած մը, որուն պատճառով ծովուժի շարք մը անդամներ մահացած են, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ մահացած են 19 նաւաստիներ, եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուած են: Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Քոնարաք» նաեւ Իրանի հարաւը գտնուող «Պանտար Ժասեք»¬ի ջուրերուն...

Ճոնսըն Կը Յայտնէ 13 Մայիսին Բրիտանիոյ Մէջ Մեկուսացման Դրութեան Մեղմացման Մեկնարկին Մասին

Ճոնսըն Կը Յայտնէ 13 Մայիսին Բրիտանիոյ Մէջ Մեկուսացման Դրութեան Մեղմացման Մեկնարկին Մասին

13 մայիսէն սկսեալ Բրիտանիոյ մէջ պիտի սկսին մեղմացուիլ մեկուսացման միջոցառումները, որոնք երկրին մէջ հաստատուած էին «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն այս մասին յայտարարած է իր ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած ուղերձով մը` նշելով, որ, բայց եւ այնպէս, այս քայլերը ամբողջութեամբ ջնջելու ժամանակը տակաւին չէ հասած: Վարչապետը, մասնաւորաբար, նշած է. «Այս շաբթուընէ մենք մարդոց արտօնութիւն կու...

«Ամերիկեան Վարչակազմը Տնտեսական Ու Առողջապահական Ահաբեկչութիւն Կը Կիրարկէ», Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Ամերիկեան Վարչակազմը Տնտեսական Ու Առողջապահական Ահաբեկչութիւն Կը Կիրարկէ», Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի յայտնեց, թէ ամերիկեան վարչակարգը այլեւս Սուրիոյ մէջ եւ այլուր ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումներուն աջակցելով չի բաւարարուիր, այլ նաեւ սկսած է տնտեսական, առողջապահական եւ քաղաքական ահաբեկչութիւն կիրարկել` հասնելու համար իր սեփական անձնասիրական շահերուն: Ան շեշտեց, որ տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցները կը խանգարեն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու հիմնական կարիքներու ապահովումը: Ժաաֆարի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին մօտ...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Գերմանիոյ Կը Սպառնայ` Պատժամիջոցներով

Եւրոպական Յանձնաժողովը Գերմանիոյ Կը Սպառնայ` Պատժամիջոցներով

Եւրոպական յանձնաժողովը հաւանաբար պատժամիջոցներ կիրարկէ Գերմանիոյ նկատմամբ` Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութիւնը խախտելուն համար: «Ի.Էյ.Տէյլ»¬ի կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայըն: Սահմանափակումներու առիթ դարձած է գերմանական դատարանին որոշումը այն մասին, որ Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան կողմէ պետական պարտատոմսերու գնումը չի համապատասխաներ Գերմանիոյ օրէնսդրութեան: Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան տնտեսութեան վերականգնման նպատակով 2015 թուականին սկսած է եւրոյի գօտիի...

Հոնկ Քոնկի Մէջ Վերսկսած Են  Բողոքի Ցոյցերը

Հոնկ Քոնկի Մէջ Վերսկսած Են Բողոքի Ցոյցերը

Հոնկ Քոնկի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով սահմանուած մեկուսացման դրութեան թուլացումէն ետք, քաղաքի բնակիչները վերսկսած են հակակառավարական բողոքի ցոյցերու: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Հոնկ Քոնկի փողոցներուն եւ առեւտուրի կեդրոններուն մէջ հաւաքուած եւ քաղաքի ղեկավարին` հրաժարական ներկայացնելու կոչ ուղղող հազարաւոր քաղաքացիներուն հետեւած եւ հսկած են ոստիկանները: Ցոյցերու ժամանակ քաղաքացիները Մայրերու միջազգային օրուան առթիւ...

Երկարատեւ Դադարէ Ետք Ուհանի Մէջ Վարակման Նոր Դէպք Թրամփի Կարծիքով` «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Անհետանայ Առանց Պատուաստանիւթի

Երկարատեւ Դադարէ Ետք Ուհանի Մէջ Վարակման Նոր Դէպք Թրամփի Կարծիքով` «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Անհետանայ Առանց Պատուաստանիւթի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` «Քորոնա» ժահրը, վերջին հաշուով, պիտի անհետանայ առանց պատուաստանիւթի: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Այս ամէնը կրնայ անհետանալ առանց պատուաստանիւթի: Յոյսով եմ, որ որոշ ժամանակ ետք մենք այդ համաճարակը չենք տեսներ: Հաւանական է, որ յաջորդ տարուան ընթացքին պիտի ըլլայ բռնկում, սակայն, ինչպէս շատերը կ’ըսեն, մենք պիտի կարենանք զայն մարել», ըսած է Թրամփ` Սպիտակ տան...

Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առանց Նախապայմաններու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակում Կատարելու

Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առանց Նախապայմաններու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակում Կատարելու

Իրանեան կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ առանց նախապայմաններու բանտարկեալներու փոխանակում եւ այդ առնչութեամբ բանակցութիւն կատարելու, «սակայն Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն պատասխանել»: Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Տեղեկութիւններ ունինք, թէ Իրանի քաղաքացիներ ամերիկեան բանտերու մէջ վատ վիճակի մէջ են»: Ան ամերիկեան կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց իր բանտերուն մէջ անոնց կեանքերուն համար: «Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են Իրանի`...

Վենեզուելա Քոլոմպիական Երեք Զինուորական Նաւակներ Գրաւած Է

Վենեզուելա Քոլոմպիական Երեք Զինուորական Նաւակներ Գրաւած Է

Վենեզուելական բանակը յայտնեց, որ գրաւած է քոլոմպիական երեք լքուած զինուորական նաւակներ, որոնք իր զինուորները շաբաթ օր յայտնաբերած են Աուրինոքօ գետին վրայ հսկողութիւն կատարելու ընթացքին: Յիշեցնենք, որ Վենեզուելան քանի մը օր առաջ Քոլոմպիան ամբաստանած էր երկիր ներխուժման ձախող փորձի մը աջակցելու յանցանքով: Քոլոմպիոյ կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ըստ նախնական հետաքննութեան արդիւնքին, ուժեղ հոսանքներ նշեալ նաւակները տարած են սխալ ուղղութեամբ`...

«Քորոնա»-ն Օտարներու Նկատմամբ Ատելութեան Ջրհեղեղ Պատճառեց», Կ՛ըսէ Կութիերես

«Քորոնա»-ն Օտարներու Նկատմամբ Ատելութեան Ջրհեղեղ Պատճառեց», Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց. «Քորոնա»-ն կը շարունակէ օտարներուն նկատմամբ ատելութեան եւ այլամերժութեան զգացումներու, զանոնք քաւութեան նոխազ դարձնելու եւ խուճապի ջրհեղեղ մը պատճառել»: «Օտարներու դէմ զգացումի ալիք բարձրացած է առցանց եւ փողոցներուն մէջ: Հակասեմական դաւադրութեան տեսութիւններ տարածուած են, եւ իսլամներու դէմ «Քորոնա»-ին առնչուած յարձակումներ գործուած են», աւելցուց ան: Կութիերեսի համաձայն` գաղթականներ ու տեղահանուածներ «վատաբանուած են...

«Այսրյորդանանի Եւ Յորդանանի Հովիտին Վրայ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Յայտարարումը Շաբաթներու Հարց Է» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«Այսրյորդանանի Եւ Յորդանանի Հովիտին Վրայ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Յայտարարումը Շաբաթներու Հարց Է» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն նշեց. «Այսրյորդանանի եւ Յորդանանի հովիտին վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան յայտարարումը շաբաթներու հարց է»` աւելցնելով, որ կը հասկնայ իսրայէլեան աջին կեցուածքը, թէ չի կրնար Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինեան պետութեան մը կազմութեան համաձայնիլ: «Տրամաբանական չէ ակնկալել, որ Իսրայէլ հրաժարի Գալիլիայէն եւ Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերէն», շեշտեց Ֆրիտմըն` մերժելով այն խօսքը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի...

Լիպիոյ Մէջ Ռմբակոծում` Թուրքիոյ Եւ Իտալիոյ Դեսպանատուներուն Ուղղութեամբ

Լիպիոյ Մէջ Ռմբակոծում` Թուրքիոյ Եւ Իտալիոյ Դեսպանատուներուն Ուղղութեամբ

Ուաշինկթըն Հաֆթարի Ուժերուն Թրիփոլիի Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Վատ Լուր» Միացեալ Նահանգներ «վատ լուր» նկատեց Խալիֆա Հաֆթարի ուժերուն կողմէ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումը: Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի հարցերու արտաքին գործոց փոխնախարար Հենրի Ուեսթ յայտնեց, որ իր երկիրը չի զօրակցիր Լիպիոյ ազգային բանակին Թրիփոլիի դէմ գործողութիւններուն` զգուշացնելով, որ յարձակումը ուշադրութիւն կը շեղէ «ՏԱՀԵՇ եւ Քայիտա կազմակերպութիւններուն» դէմ պատերազմի առաջնահերթութենէն: Լիպիոյ...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Չինաստան Վերսկսած Են Առեւտրական Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներ Եւ Չինաստան Վերսկսած Են Առեւտրական Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան վերսկսած են առեւտրական բանակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի փոխվարչապետ Լիու Հենի, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթեֆան Մնուչինի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Լայթհայզըրի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը: Արծարծուած են հարցեր առաջին փուլին երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին վերաբերող, որ ստորագրուած էր...

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Կը Քննարկեն Յաւելեալ «Էս-400»-ներու Մատակարարման Հարցը

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Կը Քննարկեն Յաւելեալ «Էս-400»-ներու Մատակարարման Հարցը

Ռուսիան եւ Թուրքիան բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան յաւելեալ համակարգերու մատակարարման եւ ատոր ժամկէտներուն շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշէ Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւը: Ռուսիան 2019 թուականին աւարտած էր Թուրքիոյ չորս «Էս-400» համակարգերու մատակարարումը` 2,5 միլիառ տոլարով: «Թուրքիոյ համար «Էս-400»-ներու լրացուցիչ խումբի հարցը օրակարգի վրայ է, ոչ մէկ...

Թրամփ Վեթոյի Ենթարկած Է Իրանի Դէմ Զինուորական Ուժ Կիրարկելու Իր Լիազօրութիւնը Սահմանափակող Բանաձեւը

Թրամփ Վեթոյի Ենթարկած Է Իրանի Դէմ Զինուորական Ուժ Կիրարկելու Իր Լիազօրութիւնը Սահմանափակող Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վեթոյի ենթարկած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցած բանաձեւը, որ կը սահմանափակէ Իրանի դէմ ամերիկեան զինեալ ուժերը օգտագործելու իր լիազօրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան: Բանաձեւի համաձայն, Թրամփ Իրանի դէմ ամերիկեան զինեալ ուժերը կրնայ օգտագործել միա՛յն օրէնսդիրներու կողմէ տրուած համապատասխան արտօնութեան պարագային: «Այսօր ես վեթոյի...

Էրտողան Եւ Քաթարի Իշխանը Քննարկած Են Շրջանային Ու Միջազգային Հարցեր

Էրտողան Եւ Քաթարի Իշխանը Քննարկած Են Շրջանային Ու Միջազգային Հարցեր

Քաթարի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալի Թանիի հետ: Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ կողմերը կարծիքներ փոխանակած են շրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ:  

Page 461 of 884 1 … 460 461 462 … 884

Արխիւներ