Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ սահմանին վրայ տեղի ունեցած է փոխադարձ կրակոց: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ռիոնխափ» լրատու գործակալութեան:
Կրակոցը տեղի ունեցած է սահմանահատման գիծի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող հսկողութեան կէտի (Հարաւային Քորէայի) ուղղութեամբ», յայտնած են Հարաւային Քորէայի բանակի սպայակոյտի միացեալ կոմիտէն:
Հարաւային քորէացի զինուորները երկու կրակոցով պատասխանած են հիւսիսային քորէացի զինուորներուն: Վիրաւորներ կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:
Սպայակոյտի պետերու միացեալ կոմիտէն յայտարարած է, որ հարաւային քորէացի զինուորները կը գտնուին պատրաստութեան բարձր մակարդակի վրայ եւ կը փորձեն ճշդել տեղի ունեցածի հանգամանքները` հետագային նոյնպիսի դէպքերը բացառելու նպատակով: