Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Ծոցի ջուրերուն մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը չենք ճանչնար եւ զայն կը նկատենք ապօրինի ու շրջանի կայունութիւնը քայքայող»:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Թեհրան չի ջանար հեռանալ 2015 թուականին ստորագրուած Հիւլէական համաձայնութենէն»:
Մինչ այդ, իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկայի` Իրանի զէնքի մատակարարումը արգիլելու անօրինական ծրագիրին մեր պատասխանը համաչափ պիտի ըլլայ»: