Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Մերժեց «Քորոնա» Ժահրի Ախտորոշիչ Քննութեան Ենթարկուիլ

Մայիս 4, 2020
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մերժեց «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւններու ենթարկուելու Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին առաջարկը:

Քոնկրեսի այս որոշումին մասին յայտարարեցին Ներկայացուցիչներու տան նախագահ, դեմոկրատական Նենսի Փելոսին եւ Ծերակոյտի մէջ հանրապետականներու մեծամասնութեան ղեկավար Միչ Մաքքոնելը:

Ամերիկացիները նշեցին, որ նախընտրելի է Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան եղած քննութիւններուն նոր թափ տալ, եւ Քոնկրեսը կ՛ուզէ հետագային եւս միջոցները ուղղել «առաջին գիծի վրայ գտնուողներուն», որովհետեւ, այդ քննութիւնները առաւելագոյնս նմաններուն օգտակար պիտի ըլլան:

Բրիտանիոյ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած վարչապետ Պորիս Ճոնսըն բրիտանական«Տը Սան» օրաթերթին յայտնած է, որ բժիշկները կը պատրաստուէին իր մահուան մասին յայտարարելու: «Ես շատ լաւ վիճակի մէջ չէի եւ գիտէի, որ գործողութիւններու տարբերակներ ալ կային: Կացութեանս վատթարացման պարագային բժիշկները գործողութիւններու բոլոր ծրագիրները նկատի առած էին», պատմած է Ճոնսըն:

Բրիտանիոյ վարչապետին համաձայն` ինք լիթրերով թթուածին կը ստանար եւ ինքնիրեն հարց կու տար, թէ ինչպէ՛ս դուրս պիտի գայ այս իրավիճակէն: Ան ինքզինք յաջողակ կոչած է:

Հարցազրոյցի ընթացքին Ճոնսըն անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է զինք բուժող բժիշկներուն: Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետի  վարակուած ըլլալը յայտնի դարձած էր 27 մարտին: Ապրիլ 3-ին ան փոխադրուած էր հիւանդանոց, իսկ երեք օր ետք անոր վիճակը ծանրացած էր այնքան, որ կարիք եղած էր զայն փոխադրել վերակենդանացման բաժանմունք: Հետագային անոր վիճակը կայունացած էր:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է մահուան 327 պարագայ, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 21.180-ի:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ամէնէն շատ զոհեր ունեցած ցամաքամասը` Եւրոպան, կը շարունակէ ընդհանուր մեկուսացումէն դուրս գալը, սակայն այդ մէկը կը կատարէ հանգրուանական կերպով` զգուշանալով համաճարակի երկրորդ ալիքէ մը: Կը նախատեսուի, որ 15 եւրոպական երկիրներ այս շաբաթասկիզբին յաւելեալ արգելքներ վերցնեն:

Իտալիոյ մէջ այսօր պիտի արտօնուի խանութները բանալ եւ ընտանեկան այցելութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ սահմանափակ թիւով անձերու հաւաք կատարել:

Ֆրանսայի մէջ շաբաթ օր մէկ օրուան ընթացքին 166 մահերու արձանագրումէն ետք, կառավարութիւնը որոշեց 24 մարտէն հաստատուած առողջապահական արտակարգ դրութիւնը երկարաձգել մինչեւ 24 յուլիս` նշելով, որ գործող դրութեան ջնջումը «կանխահաս» պիտի ըլլայ:

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը վերջ պիտի տայ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք հաստատուած համաշխարհային համակարգին, ինչպէս նաեւ միջազգային բեմի վրայ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան:

Ֆրանսական օրաթերթին համաձայն, այդ փոփոխութիւններուն գլխաւոր ցուցանիշներն են  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ապաւինիլը Չինաստանին, որ սկսած է ներկայ համաշխարհային համակարգի կայունութեան քայքայման մէջ գլխաւոր դեր կատարել:

Օրաթերթը կը գրէ, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու` աշխարհի ղեկավարի դերը կատարելու կարողութիւնը վերջին տարիներուն հետզհետէ կը նահանջէր, ներկայ տագնապը զանոնք առաւել եւս տկարացուց եւ վերածեց ժահրէն ամէնէն շատ վնասուած երկրին, ինչպէս նաեւ ամերիկացիները վերջապէս ստիպեց հրաժարելու ղեկավարի դերը ունենալու այդ պնդումէն:

«Լը Մոնտ» նաեւ ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրը վտանգաւոր հարուած մը հասցուց միութեան` Եւրոպային, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցն էր: Եւրոպան չկարողացաւ աջակցիլ ժահրէն ամէնէն շատ վտանգուած իր երկիրներուն, ինչպէս` Իտալիոյ:

Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 793 եւ մահուան 74 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 162.496-ի, իսկ մահացածներունը` 6649-ի: Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 1983 եւ մահուան 78 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 124.375-ի, իսկ մահացածներունը` 3336-ի: Իրանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 976 եւ մահուան 47 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 97.424-ի, իսկ մահացածներունը` 6203-ի:

Պրազիլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 4970 եւ մահուան 421 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 95.559-ի, իսկ մահացածներունը` 6750-ի: Փանամայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 370 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 7090-ի, մահացածներուն թիւը 197 է: Օմանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 85 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 2568-ի, մահացածներուն թիւը12 է: Եմէնի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 3 պարագայ` ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 10-ի, իսկ մահերունը` 2-ի:

Ռուսիա մէկ օրուան մէջ արձանագրեց վարակուածներու թիւի նոր մրցանիշ մը: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 10.633 պարագայ` վարակուածներուն թիւը բարձրացնելով 134.687-ի: Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 838 պարագայ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 217.466-ի: Նետերլանտներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 335 եւ մահուան 69 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 40.571-ի, իսկ մահացածներունը` 5056-ի: Շուէտի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 1235 եւ մահուան 10 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 22.317-ի, իսկ մահացածներունը` 679-ի:

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 589-ի, իսկ մահացածներուն թիւը 8 է: Իսրայէլի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 16.193-ի, մահացածներունը` 230-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 1.160.996-ի, իսկ մահացածներունը` 66.224-ի:

Վիեթնամի մէջ արձանագրուեցաւ վերջին 9 օրուան ընթացքին վարակման առաջին պարագան, որ արտասահմանէն երկիր վերադարձած անձ մըն է: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 271-ի: Երկրին մէջ տակաւին մահեր չկան:

Ըստ «Ուորլտմիթըրզ» կայքին, աշխարհի վրայ մինչեւ օրս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 3.502.956-ի, իսկ մահացածներունը` 245.082-ի: Աշխարհի վրայ վարակուածներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւեն Միացեալ Նահանգները:

Եւրոպական երկիրներու շարքին վարակուածներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւէ Բրիտանիան, որուն կը յաջորդեն Իտալիան, Ֆրանսան եւ Սպանիան:

Ժահրէն մահացածներու թիւով աշխարհի վրայ առաջին դիրքի վրայ են Միացեալ Նահանգները, որոնց կը յաջորդեն Իտալիան, Բրիտանիան, Սպանիան եւ Ֆրանսան:

 

 

Նախորդը

«Վարչապետ Տիապ Կը Հասկնայ Ժողովուրդին Ցաւը. Իբրեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոք` Անպայման Պիտի Ընդառաջենք Հանրապետութեան Նախագահին Հրաւէրին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայաստանի Իշխանութիւնները Տակաւին Չեն Ընկալել Հայրենադարձութեան Գաղափարական Էութիւնը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?