Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Պետական Պարտքը Մրցանշային Չափով Պիտի Աճի

May 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքն ու ամերիկեան ընկերութիւններու պարտքերը «Քորոնա» ժահրին պատճառով մրցանշային չափով պիտի աճին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:

Դաշնակցային պիւտճէի բացը պիտի հասնի 4 եռիլիոն տոլարի, բան մը, որ տեղի չէ ունեցած 1945 թուականէն ի վեր: Իսկ մեծ ընկերութիւնները, ինչպէս` «ԷքսոնՄոպիլ»-ն ու «Ուոլկրինզ»-ը արդէն սպառած են իրենց վարկային գիծերը, սակայն առաջուան պէս նիւթական միջոցներու կարիք ունին:

Ձեռնարկատէրերը կանգնած են ընտրութեան առջեւ. կա՛մ վարկերու վճարումները չկատարել, կա՛մ աշխատանքէն հեռացնել աշխատակիցները: Դրամատուները արդէն քաղաքացիներէն պահանջած են վճարել ուսանողական վարկերը եւ վարկային քարտերու պարտքերը:

«Մենք արդէն պէտք է սկսինք մտահոգուիլ: Մենք կը խօսինք պարտքի այնպիսի մակարդակի մասին, որուն նմանը չէ եղած ժամանակակից պատմութեան մէջ: Մենք արդէն կը մօտենանք կէտի մը, ուրկէ վերադարձ չկայ», ըսած է Փրիսթըն համալսարանի տնտեսագիտութեան փրոֆեսէօր Աթիֆ Միան:

Իբրեւ տնտեսութեան սատարելու միջոց, Դաշնակցային պահեստային հիմնադրամը արդէն իր հիմնական տոկոսները նուազեցուցած է զերոյի եւ իր պիւտճէին աւելցուցած է երկու եռիլիոն տոլար:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին յայտարարած էր, որ պետութիւնը պէտք չէ ափսոսայ ձեռնարկութիւններուն գումարներով աջակցելուն համար, որովհետեւ անոնք շատ կը տուժեն «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

«Տոկոսները այժմ այնքան ցած են, որ պարտքով գումար առնելը շատ աժան է: Բացը մենք ապագային կը լրացնենք, իսկ հիմա ատոր մասին մտածելու ժամանակը չէ», յայտարարած էր նախարարը:

Միջազգային դրամական ֆոնտի գնահատականով այս տարեվերջին Միացեալ Նահանգներու Ներքին համախառն արտադրութիւնը 5,9 առ հարիւրի անկում պիտի կրէ, իսկ այս եռամսեակին մէջ անկումը կրնայ հասնիլ 40 առ հարիւրի:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Մնացականեան. «Հայաստանը Յստակօրէն Սահմանած Է Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման Իր Մօտեցումները»

Յաջորդը

Կորպաչով Բոլոր Պետութիւններուն Կ’առաջարկէ Իրենց Պաշտպանութեան Պիւտճէն 10-15 Առ Հարիւրով Նուազեցնելու Պարտաւորութիւն Ստանձնել

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.