Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բազմաթիւ Ապացոյցներ Կան, Թէ «Քորոնա» Ժահրը Ստեղծուած Է Ուհանի Տարրալուծարանին Մէջ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

May 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ կան «բազմաթիւ ապացոյցներ», թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը ծագած է չինական տարրալուծարանի մը մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` նկատելով, որ արտաքին գործոց նախարարը որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այս շաբաթ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Փոմփէոյի յայտարարութիւնները հռետորաբանական մագլցում էին. նախապէս ան կը յայտարարէր, թէ Միացեալ Նահանգներ կ’ուսումնասիրեն Ուհանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ծագման կարելիութիւնը, իսկ հիմա կը պնդէ, որ «բազմաթիւ ապացոյցներ» կան:

«Բազմաթիւ ապացոյցներ կան, թէ «Քորոնա» ժահրը ճիշդ այդտեղ սկսած է», ըսած է ան եւ քիչ ետք իր խօսքին մէջ դարձեալ ընդգծած. «Ես կրնամ ձեզի ըսել, որ կան զգալի քանակութեամբ ապացոյցներ, որոնք կ’ապացուցեն, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը սկսած է Ուհանի տարրալուծարանէն: Լաւագոյն փորձագէտները կը կարծեն, թէ ժահրը մարդածին է: Այս պահուս ատոր չհաւատալու պատճառ չունիմ», յայտնած է ան:

Փոմփէօ նախապէս յայտարարած էր, որ Չինաստան կը խոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներուն նոր «Քորոնա» ժահրի ծագումը բացայայտելու փորձերը: Անոր համաձայն` Չինաստան կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու մասնագէտներուն արտօնութիւն տալ մուտք գործել Ուհանի մէջ գտնուող տարրալուծարանը եւ հետաքննութիւն կատարել:

«Երբ մենք փորձեցինք ատիկա ընել, չիները մեզի արտօնութիւն չտուին մուտք գործել ո՛չ միայն տարրալուծարան, այլ նաեւ ամէնուր, ուր մենք կրնայինք գտնել այդ ժահրի սկզբնաղբիւրը», նշած էր Փոմփէօ:

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Քորոնա»-ն Պիտի Շարունակէ Մեծ Վտանգ Մնալ»

Յաջորդը

«Կը Կարծեմ, Որ Մինչեւ Տարեվերջ «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստ Կ՛ունենանք» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.