Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կրնան Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Այլընտրանքային Կազմակերպութիւն Ստեղծել

May 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ չէ բացառած, որ իր երկիրը կրնայ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան իբրեւ այլընտրանք սեփական առողջապահական կազմակերպութիւն ստեղծել: Ըստ արտաքին գործոց նախարարին, այդ կազմակերպութիւնը պիտի զբաղի առողջապահական խնդիրներու լուծումով, որուն մէջ ձախողած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքս Պիզնես»-ը:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը լրագրողի` Միացեալ Նահանգներու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան այլընտրանքային կազմակերպութիւն ստեղծելու հարցին ի պատասխան կը նշէ. «Մենք գիտենք ինչպէս ղեկավարել միջազգային առողջապահական գործողութիւնները, ուստի` մեր նպատակն է ուղիներ փնտռել, որ կարենանք, ինչպէս միշտ, հազարաւոր մարդոց կեանքեր փրկող համաշխարհային առողջապահական քաղաքականութեան մէջ առաջնորդի դերին մէջ մնալ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը չէ իրականացուցած իր առաքելութիւնը. եթէ լաւ չ’աշխատիր, ապա մենք չենք պատրաստուիր ատոր կազմին մէջ մնալու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը դադրեցնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տրամադրուող ֆինանսական աջակցութիւնը: Թրամփ քննադատած էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ձեռնարկած քայլերը` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, իր կարծիքով, համարժէքօրէն չարձագանգելու համար:

Լեհաստանի իշխող «Օրէնք եւ արդարութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Եարոսլաւ Կովին յայտարարեց, որ Լեհաստանի մէջ 10 մայիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի չունենայ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով:

Անոր համաձայն` այդպիսի որոշում կայացուած է «սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ այս տարի նախագահի ընտրութիւնը կատարելու հնարաւորութեան կառուցողական առաջարկներու` ընդդիմութեան կողմէ մերժուելէն ետք»:

Նոյն ատեն իշխող համաձայնական կառավարութեան անդամ կուսակցութեան ղեկավար Կովին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները «կոչած է որոշում, որ լեհերու համար ժողովրդավարական ընտրութիւններուն մասնակցելու կարելիութիւն կ’երաշխաւորէ»:

Ընտրութեան նոր թուականը տակաւին յայտնի չէ, սակայն քաղաքական գործիչներու համաձայն` քուէարկութիւնը պիտի կատարուի հեռակայ` նամակատան միջոցով:

Նախապէս լեհական Սէյմը նախագահական ընտրութիւնը հեռակայ կարգով կատարելու մասին օրէնք որդեգրած էր: Խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը չորեքշաբթի օր մերժեց այդ փաստաթուղթը, բայց եւ այնպէս, ստորին պալատը մեծամասնութեան ձայներով կրնայ յաղթահարել վերին պալատին վեթոն:

Բրիտանիոյ կեդրոնական դրամատունը` «Պենք աֆ Ինկլընտ»-ը զեկուցում մը հրապարակելով նախատեսեց, որ այս տարի Բրիտանիոյ ներքին համախառն արտադրութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ունենայ 14 առ հարիւրի սուր անկում մը: Դրամատունը նաեւ նախատեսեց, որ համախառն ներքին արտադրութիւնը յառաջիկայ տարի` ընկերային հեռաւորութեան միջոցառումներու մեղմացումէն ետք 15 առ հարիւրի աճ մը արձանագրէ:

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման 11.231 պարագայ, վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 177.160-ի, եւ այդպիսով Ռուսիան վարակուածներու թիւով յառաջ անցած է Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն: Մահացածներուն թիւը բարձրացած է 1.625-ի:

Վերջին տուեալներուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի վրայ ժահրով վարակուած է 3.834.038 մարդ, որոնցմէ 265.238-ը մահացած է: Վարակուածներու եւ մահացածներու պարագաներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւէ Ամերիկան, անոր կը յաջորդեն Սպանիան, Իտալիան, Բրիտանիան, Ռուսիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Թուրքիան:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 2.253 եւ մահուան 64 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 133.721-ի, իսկ մահացածներունը` 3.641-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 1.284 պարագայ եւ մահուան 123 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 166.091-ի, իսկ մահացածներունը` 7.119-ի:

Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են վարակման 2 պարագաներ, որոնք արտասահմանէն վերադարձածներ են: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 82.885-ի, իսկ մահացածներունը` 4.633-ի:

 

 

 

Նախորդը

Պաղեստին Կը Սպառնայ Ջնջել Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բոլոր Համաձայնութիւնները

Յաջորդը

Ճատրակ.Արոնեանի Յաջող Ելոյթներու Շարքը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.