«Հիւլէական Զէնքով Պիտի Հակադարձենք Սուզանաւերէ Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռներով Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կը Զգուշացնէ Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց, որ Ռուսիան հիւլէական զէնքով պիտի հակադարձէ սուզանաւերէ արձակուած թեւաւոր հրթիռներով ամերիկեան որեւէ յարձակումի: Զախարովա, մեկնաբանելով ամերիկեան սուզանաւեր հիւլէական մարտագլխիկներով օժտուած թեւաւոր հրթիռներով զինելու մասին ամերիկեան տեղեկատուութիւնները, նշեց. «Ռուսիա այդ քայլը կը նկատէ վտանգաւոր եւ կայունութիւնը քայքայող»: «Այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ, հիւլէական ռազմավարական եւ ոչ ռազմավարական զէնքերու տարածման արգելքի դիտաւորեալ ջնջում է,...




















