Միջազգային

Խօսելով Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ Հրթիռակոծման Մասին`  «Ցեղային Բնաջնջումը Սկսելէ Ետք Ազրպէյճան Մուտք Գործած Է Մշակութային Բնաջնջման Փուլ» Կ՛ըսէ Պուայէ

Խօսելով Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ Հրթիռակոծման Մասին` «Ցեղային Բնաջնջումը Սկսելէ Ետք Ազրպէյճան Մուտք Գործած Է Մշակութային Բնաջնջման Փուլ» Կ՛ըսէ Պուայէ

Ֆրանսացի քաղաքական գործիչ, Ֆրանսայի ազգային ժողովի անդամ Վալերի Պուայէ թուիթըրեան իր էջի վրայ գրառում կատարած է Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վերաբերեալ, որ Ազրպէյճան 8 հոկտեմբերին հրթիռակոծած էր: «Ազգային բնաջնջումը սկսելէ ետք, Ազրպէյճան մուտք գործած է մշակութային բնաջնջման փուլ` մեզի յիշեցնելով պատմութեան մութ ժամանակներու մասին, ներառեալ` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միջազգային ընտանիքը պիտի չկարենայ ըսել, որ չէ իմացած այդ մասին»,...

«Մենք Պատրաստ Ենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Շիֆ

«Մենք Պատրաստ Ենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ազդեցիկ անդամներէն Էտըմ Շիֆ յայտարարած է, որ եթէ Պաքուն ու Անգարան Ղարաբաղեան տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու փոխարէն շարունակեն այս բռնութիւնը, ապա իրենք պատրաստ են ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը: «Ես յոյս ունիմ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ յստակօրէն  բացատրեն, որ եթէ անոնք տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու փոխարէն շարունակեն այս...

«Լը Մոնտ»-ը` Ղարաբաղեան Տագնապի Թուրքիոյ Մասնակցութեան Մասին.  «Էրտողան Թէ՛ Քրեմլինը, Թէ՛ Ալ Սպիտակ Տունը Կը Ծաղրէ»

«Լը Մոնտ»-ը` Ղարաբաղեան Տագնապի Թուրքիոյ Մասնակցութեան Մասին. «Էրտողան Թէ՛ Քրեմլինը, Թէ՛ Ալ Սպիտակ Տունը Կը Ծաղրէ»

Ֆրանսական ականաւոր «Լը Մոնտ» օրաթերթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը` յայտարարելով, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանին օգնութիւն ցուցաբերելով, կը ծաղրէ Քրեմլինը ու Սպիտակ տունը: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի յարձակումին Անգարայի աջակցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ միջին տէրութիւն մը ինչպէս կրնայ ճնշել ռուսական եւ ամերիկեան գերտէրութիւններուն», գրած է յօդուածի հեղինակ Ալեն Ֆրաշոն: «Ո՞ւր է ամերիկեան ղեկավարութիւնը, երբ ՕԹԱՆ-ի...

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն  Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

«Թուրքիան Շրջանին Մէջ Կայունութիւնը Խաթարող Երկիր Կը Դառնայ. Ան Ներգրաւուած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած է, որ Թուրքիան ներգրաւուած է շրջանային ճգնաժամերու մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիան Սուրիա ներխուժեց, Թուրքիան Իրաք ներխուժեց, Թուրքիան ժիհատականներ ուղարկեց Լիպիա, հիմա ալ ղարաբաղեան տագնապին մէջ ներգրաւուած է: Թուրքիան շրջանին մէջ կայունութիւնը խաթարող երկիր կը դառնայ: Իրապէս յոյս յայտնած եմ, որ Թուրքիան պիտի...

«Ռուսիան Կապի Մէջ Է Թուրքիոյ Հետ` Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Հարցով»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլին Տարբեր Մակարդակներով Երկխօսութիւն Կը Կատարէ Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Կարգաւորման Համար

Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար տարբեր մակարդակներու, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակի վրայ երկխօսութիւն կը կատարէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Երկխօսութիւնը կը շարունակուի տարբեր մակարդակներու վրայ, ներառեալ` բարձրագոյնը: Աւելին չեմ կրնար ըսել», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Փեսքով:

Ռուսիոյ Նախագահը Այսօր Մոսկուա Հրաւիրած Է  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Ռուսիոյ Նախագահը Այսօր Մոսկուա Հրաւիրած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղած է մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով 9 հոկտեմբերին խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Մոսկուա: «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռաձայնային...

«Միջազգային Ընտանիքը Եզակի  Միասնականութիւն  Կը Ցուցաբերէ Լեռնային  Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան Առաջարկած Է Մոսկուայի Մէջ Կատարել Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հաւանական Հանդիպումը

Ռուսիան խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` Մոսկուայի մէջ հաւանական հանդիպման կազմակերպման շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան նշած է, որ Ռուսիան թէ՛ ազգային մակարդակով, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով կը շարունակէ աշխուժ միջնորդական ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ...

Պասքերու Երկրի Խորհրդարանը Հռչակագիր Ընդունեց` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին Սատարող

Պասքերու Երկրի Խորհրդարանը Հռչակագիր Ընդունեց` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին Սատարող

Պասքերու երկրի խորհրդարանը ընդունեց հռչակագիր մը, որով սատարեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ մերժեց բռնութեան կիրարկումը: Հռչակագիրին թեր քուէարկեց խորհրդարանի ճնշող մեծամասնութիւնը: Պասքերու երկրի խորհրդարանը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վերահաստատեց պասքերու ժողովուրդը` հայ ժողովուրդին հետ միաւորող բարեկամութեան խոր կապերը: Խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրը բաղկացած է 5 կէտէ: Առաջին կէտով խորհրդարանը կը յիշեցնէ 2016-ի ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին...

Ռուսիոյ Ընդհանուր Դատախազը Կոչ Ուղղած Է  Կանխարգիլելու Վարձկաններու Եւ Ահաբեկիչներու  Ներթափանցումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտի

Ռուսիոյ Ընդհանուր Դատախազը Կոչ Ուղղած Է Կանխարգիլելու Վարձկաններու Եւ Ահաբեկիչներու Ներթափանցումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտի

Անհրաժեշտ է կանխարգիլել վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարածք ներթափանցումը: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ընդհանուր դատախազներու համակարգող խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազ Իկոր Քրասնով: «25 տարի շարունակ մենք միացեալ ջանքերով ստեղծած ենք մեքանիզմներ, որոնք կ՛ապահովեն Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) տարածքին մէջ քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, եւ չենք կրնար...

Ազրպէյճան Տուն Կանչած Է  Յունաստանի Մէջ Իր Դեսպանը

Ազրպէյճան Տուն Կանչած Է Յունաստանի Մէջ Իր Դեսպանը

Ազրպէյճան խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչած է Յունաստանի մէջ իր դեսպանը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններուն Յունաստանի քաղաքացիներու մասնակցութեան մասին հաղորդագրութիւններու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան: «Ազրպէյճանական կողմը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնած է բաց աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններու մասին, թէ Ազրպէյճանի «շրջափակուած» տարածքներ հասած են օտարերկրեայ քաղաքացիներ, ներառեալ` Յունաստանի ծագումով հայ...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Կարծիքով.  Ազրպէյճան Պիտի Չհարուածէ Հայաստանի Տարածքը,  Որովհետեւ Անոր Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Չունի

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Կարծիքով. Ազրպէյճան Պիտի Չհարուածէ Հայաստանի Տարածքը, Որովհետեւ Անոր Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Չունի

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կարծիքով` Ազրպէյճան պիտի չհարուածէ Հայաստանի տարածքը, որովհետեւ անոր նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի: «Ես վստահ եմ, որ իրավիճակի այդպիսի զարգացում պիտի չըլլայ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Ազրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի եւ ոտնձգութիւն չի կատարեր տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Երկրորդ` ինծի կը թուի, որ այնտեղ բաւականաչափ ողջմտութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունին սեփական ժողովուրդին նկատմամբ, որպէսզի...

Մարտի Կիսուն Լիպիոյ Հարցով Պերլինի Խորհրդաժողովին Մասնակից Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Ժողով

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Համար Քաղաքական Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը Կը Յայտարարէ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Մաաս խոր մտահոգութիւն յայտնած է շրջանին մէջ լարուածութեան աճի առնչութեամբ եւ ընդգծած, որ խնդիրի լուծման համար քաղաքական երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է:  

Ըստ Լրատուամիջոցներու.  Ուքրանացի Վարձկաններ Կրնան Յայտնուիլ  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

Ըստ Լրատուամիջոցներու. Ուքրանացի Վարձկաններ Կրնան Յայտնուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներուն: Օրաթերթը հիմնուելով «սեփական աղբիւրներու» վրայ կը գրէ, թէ հայկական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջինարեւելեան վարձկաններու խումբ մը եւս ոչնչացուցած է: Նոյն ատեն որոշ լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւն տարածուած է, թէ 1500-2000 տոլար վճարումի դիմաց իբրեւ ազրպէյճանական ուժերուն օգնութիւն տագնապի գօտի կը պատրաստուին մեկնիլ ուքրանացի կամաւորներ: Քիեւէն անկախ լրագրող Օլեկ Փաւլենքօ...

«Ռուսիոյ` Արտաքին Նախայարձակումէն Հրաժարելուն Պարագային, Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Այլեւս Անհրաժեշտ Չեն Ըլլար» Կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն

Օ՛Պրայըն. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Օրինակ Են»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան օրինակ է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ խորքային տարբերութիւններ կան: Սակայն նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ կան ոլորտներ, ուր մենք կրնանք Ռուսիոյ հետ աշխատիլ:...

Ժընեւի Քաղաքապետական Խորհուրդը  Դատապարտեց Արցախի Վրայ  Ազրպէյճանի Յարձակումը

Ժընեւի Քաղաքապետական Խորհուրդը Դատապարտեց Արցախի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Ժընեւի քաղաքապետական խորհուրդը 7 հոկտեմբերին որդեգրած է Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման որոշումը ճանչցող եւ երկրի դաշնակցային կառավարութեան Զուիցերիոյ մէջ Ալիեւ ընտանիքի ստացուածքները սառեցնելու կոչ ուղղող որոշում մը: Որոշումը որդեգրուած է 49 թեր, 18 ձեռնպահ եւ 2 դէմ քուէներով: Որոշումին համահեղինակներն էին Աննա Բարսեղեան, Արտօ Մորէյոն, Փասքալ Հոլսնվեկ եւ ուրիշներ: 80 անդամներէ բաղկացած քաղաքապետական խորհուրդին ներկայացուած որոշումը...

Քոնկրեսական Փալոն Ներկայացուց Ամերիկա-Հայաստան «Ռազմավարական Գործընկերութիւն»-ը Ողջունող Բանաձեւը

Քոնկրեսական Փալոն Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանին Օգնութեան Տրամադրումը

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին օգնութեան տրամադրումը: «Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ապացուցած են, որ յուսալի չեն, եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներէն այլեւս պէտք չէ օգնութիւն ստանան: Ես ուրախ եմ, որ իմ շատ գործընկերներ համակարծիք են այս հարցին մէջ, եւ յոյսով եմ` ասիկա...

«Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Զինեալներու Տեղակայումը Պիտի Հանդիպի Միացեալ Նահանգներու Պատասխանին» Կ՛ըսէ Շըրմըն

«Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Զինեալներու Տեղակայումը Պիտի Հանդիպի Միացեալ Նահանգներու Պատասխանին» Կ՛ըսէ Շըրմըն

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթի եւ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շեֆըրի հետ խօսած է այն մասին, թէ Թուրքիան կը հաւաքագրէ եւ Արցախի ու Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ կը տեղակայէ Սուրիայէն ժիհատական խումբերէ ահաբեկիչներ: «Ես կոչ կ՛ուղղեմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարունակէ Թուրքիոյ հասկցնել այն, որ շրջանին մէջ զինեալներու տեղակայումը...

Փութին. «Անյապաղ Պէտք Է Դադրեցնել Կրակոցը»

Փութին. «Անյապաղ Պէտք Է Դադրեցնել Կրակոցը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչած է «ողբերգութիւն»` նշելով, որ մտահոգ է այդ առնչութեամբ: ԹԱԱՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը այս մասին յայտնած է լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ասիկա ողբերգութիւն է: Մենք շատ մտահոգուած ենք, որովհետեւ թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը այն տարածքներն են, ուր մեզի համար հարազատ մարդիկ...

Ալիեւ Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցով Հեռաձայնած Է Փութինի

Ալիեւ Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցով Հեռաձայնած Է Փութինի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ներկայ իրավիճակը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ասիկա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններուն սկսելէն ի վեր երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին զրոյցն է: «Պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Ալիեւ եւ Փութին կարծիքներ փոխանակած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու...

Նախագահ Հասան Ռուհանին Անկախութեան  Վերականգնման Օրուան Առիթով Շնորհաւորեց  Հայաստանի Նախագահն Ու Վարչապետը

«Անթոյլատրելի Է, Որ Որոշ Մարդիկ Տարբեր Պատրուակներով Սուրիայէն Եւ Այլ Վայրերէն Ահաբեկիչներ Բերեն Իրանի Սահմաններուն Մօտ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իրան տարիներ շարունակ պայքար մղած է դրացի երկիրներու մէջ ահաբեկիչներու դէմ, որպէսզի զանոնք հեռու պահէ իր սահմաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: «Տարիներ շարունակ մենք պայքարած ենք ահաբեկիչներու դէմ եւ զանոնք ետ մղած մեր սահմաններէն: Այնպիսի մարդիկ, ինչպիսին նահատակ...

Page 420 of 883 1 … 419 420 421 … 883

Արխիւներ