Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Պատրաստ Ենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Շիֆ

Հոկտեմբեր 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ազդեցիկ անդամներէն Էտըմ Շիֆ յայտարարած է, որ եթէ Պաքուն ու Անգարան Ղարաբաղեան տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու փոխարէն շարունակեն այս բռնութիւնը, ապա իրենք պատրաստ են ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը:

«Ես յոյս ունիմ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ յստակօրէն  բացատրեն, որ եթէ անոնք տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու փոխարէն շարունակեն այս բռնութիւնը, ապա մենք պատրաստ ենք ճանչնալու Արցախի անկախութիւն», ըսած է Շիֆ` խոստանալով արդիւնքի հասնելու համար աշխատիլ միջազգային համայնքին հետ:

Շիֆ այդ յայտարարութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի հետ Արցախի մէջ շարունակուող տագնապին մասին զրոյցի ընթացքին:

«Մենք քննարկած ենք Ազրպէյճանի շարունակական զինուորական արշաւը, որուն կ՛աջակցին Թուրքիան եւ անոր կողմէ Սուրիայէն բերուած օտար վարձկանները, եւ որ դարձած է հարիւրաւոր մարդոց մահուան, Արցախի բնակիչներէն կէսին տարհանման պատճառ: Մենք քննարկած ենք նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Շուշի քաղաքի պատմական արժէք ներկայացնող Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը», նշած է ազդեցիկ քոնկրեսականը:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միջոցով տասնամեակներ շարունակ աջակցած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ յառաջացած վէճի խաղաղ, դիւանագիտական եւ բանակցային լուծումներուն: Շիֆ նշած է, որ իրենք պահպանած են այդ քաղաքականութիւնը, նոյնիսկ երբ Ազրպէյճան անհամար յարձակումներ գործած է, եւ անոր նախագահը յաճախակի սպառնացած է պատերազմով` ուժով հասնելու համար շփման գիծի փոխոխութեան:

«Նախագահներ Ալիեւն ու Էրտողանը պէտք է հասկնան, որ իրենք չեն կրնար տասնամեակներ շարունակուող սահմանային վէճը լուծել` բնակիչներուն դէմ անխնայ ուժ գործադրելով: Միացեալ Նահանգներ ձեռնունայն պիտի չկանգնին, երբ անոնք կը փորձեն ատիկա ընել: Այս վէճի միակ լուծումը կրնայ  ըլլալ բանակցութիւնը, եւ ոչ թէ` հայ խաղաղ բնակիչներուն վրայ անձրեւի պէս թափող հրթիռները եւ ռումբերը», աւելցուցած է Էտըմ Շիֆ:

Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կոչ ուղղած է վճռական քայլերու ձեռնարկելու: Ան նաեւ նշած է, որ Սպիտակ տունը պէտք է դատապարտէ Անգարան եւ Պաքուն` շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալնուն համար:

Նախորդը

«Լը Մոնտ»-ը` Ղարաբաղեան Տագնապի Թուրքիոյ Մասնակցութեան Մասին. «Էրտողան Թէ՛ Քրեմլինը, Թէ՛ Ալ Սպիտակ Տունը Կը Ծաղրէ»

Յաջորդը

Խօսելով Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ Հրթիռակոծման Մասին` «Ցեղային Բնաջնջումը Սկսելէ Ետք Ազրպէյճան Մուտք Գործած Է Մշակութային Բնաջնջման Փուլ» Կ՛ըսէ Պուայէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?