Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Լրատուամիջոցներու. Ուքրանացի Վարձկաններ Կրնան Յայտնուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

Հոկտեմբեր 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներուն: Օրաթերթը հիմնուելով «սեփական աղբիւրներու» վրայ կը գրէ, թէ հայկական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջինարեւելեան վարձկաններու խումբ մը եւս ոչնչացուցած է:

Նոյն ատեն որոշ լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւն տարածուած է, թէ 1500-2000 տոլար վճարումի դիմաց իբրեւ ազրպէյճանական ուժերուն օգնութիւն տագնապի գօտի կը պատրաստուին մեկնիլ ուքրանացի կամաւորներ:

Քիեւէն անկախ լրագրող Օլեկ Փաւլենքօ յայտարարած է, թէ աղբիւրներէն երկուքը հերքած են այս տեղեկութիւնը, սակայն երեքն ալ նշած են, որ «այդպիսի բան լսած են»:

«Գումարի մասին չեմ գիտեր, սակայն հարիւր առ հարիւր հաստատ է, որ այդպիսի առաջարկներ կը շրջանառուին ուքրանական «հակաահաբեկչական դաշինք»-ի վեթերաններու շրջանակին մէջ: Յամենայնդէպս, Լվովի մէջ ապրող ծանօթներէս քանի մը հատին այդպիսի առաջարկ կատարած են: Այդպիսի առաջարկ կատարած է Լվովի Շեւչենքովօ շրջանի զինուորական կեդրոնի նախկին աշխատակիցը», ծանօթներէն մէկուն խօսքերը կը մէջբերէ Փաւլենքօ:

Յատկանշական է, որ ուքրանացի քաղաքական գործիչ, նախկին երեսփոխան Օլեկ Ցարիով «Փոլիթնաւիկաթոր»-ի վերլուծաբան Վալենթին Ֆիլիփովին տուած հարցազրոյցին մէջ եւս նշած է, որ իր ունեցած տեղեկութիւններով` Ուքրանիայէն Ազրպէյճան ուղարկելու համար խումբ կը ձեւաւորուի:

«Քիեւէն ինծի հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, այժմ աշխատանքներ կը տարուին, եւ Ուքրանիայէն Ազրպէյճան ուղարկելու համար խումբ կը ձեւաւորուի: Նման աշխատանք կը տարուի: Տեսնենք` միայն խօսակցութիւննե՞ր պիտի ըլլան, թէ՞ ոչ: Տեսած ենք` մեր կեղծ հայրենասէրները պատրաստ են կռուելու Ռուսիոյ դէմ, սակայն ոչ թէ ուղղակիօրէն, այլ մասնակցելով այլ տեղական տագնապներու: Ուքրանացի «հայրենասէրները» կռուած են Չեչենիոյ մէջ, ուստի` բացառուած չէ, որ Ազրպէյճանին միանան», ըսած է Ցարիով:

 

 

Նախորդը

Օ՛Պրայըն. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Օրինակ Են»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Համար Քաղաքական Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?