Պաքու Թեհրանէն Ներում Հայցած Է Իրանի Տարածքին Մէջ Ինկած Ռումբերուն Եւ Հրթիռներուն Համար
Իրանի սահմանապահ զօրքերու փոխհրամանատար Քասեմ Ռեզայի յայտնած է, որ սահմանային գօտիին մէջ հանդիպում ունեցած է ազրպէյճանական կողմի պաշտօնեաներու հետ, որոնք ներում հայցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակի արձակման հետեւանքով ռումբերու եւ հրթիռներու` Իրանի տարածքին մէջ իյնալուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: «Կ՛ապրինք շրջանի մը մէջ, ուր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապ կայ. յոյս ունինք,...




















