Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքերու Երկրի Խորհրդարանը Հռչակագիր Ընդունեց` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին Սատարող

October 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պասքերու երկրի խորհրդարանը ընդունեց հռչակագիր մը, որով սատարեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ մերժեց բռնութեան կիրարկումը: Հռչակագիրին թեր քուէարկեց խորհրդարանի ճնշող մեծամասնութիւնը:

Պասքերու երկրի խորհրդարանը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վերահաստատեց պասքերու ժողովուրդը` հայ ժողովուրդին հետ միաւորող բարեկամութեան խոր կապերը:

Խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրը բաղկացած է 5 կէտէ: Առաջին կէտով խորհրդարանը կը յիշեցնէ 2016-ի ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Պասքերու երկրին կողմէ ընդունուած հռչակագիրը եւ կը վերահաստատէ զայն: Երկրորդ կէտով ցաւակցութիւն յայտնեց թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքացիական զոհերու ընտանիքներուն: Հռչակագիրով մերժուեցաւ բռնութեան կիրարկումը, կարեւոր նկատուեցաւ սթաթիւս քոյի պահպանումը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ հարցի լուծման կարեւորութիւնը:

Պասքերու երկրի խորհրդարանին ընդունած հռչակագիրին վերջին կէտով կը վերահաստատուի այն դիրքորոշումը, որ այս պատմական հարցին միակ լուծման պէտք է հասնիլ միայն անկեղծ երկխօսութեան եւ կառուցողական բանակցութիւններու միջոցով, եւ անիկա պէտք է հիմնուի Արցախի բնակչութեան մեծամասնութեան կամքի ազատ արտայայտման վրայ:

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

Ռուսիան Առաջարկած Է Մոսկուայի Մէջ Կատարել Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հաւանական Հանդիպումը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.