Միջազգային

Ալիեւ Եղածին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Հայկական Կողմը

Ալիեւ Յայտարարած Է Երեւանի Հետ Բանակցելու Պաքուի Պատրաստակամութեան Մասին

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՌԲԿ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Երեւանի հետ անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու պաշտօնական Պաքուի պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Մենք պատրաստ ենք վաղը սկսելու, ատոր համար ամէն ինչ կախեալ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործողութիւններէն, աշխատանքի ժամանակացոյցէն: Մեր կողմը պատրաստ է անյապաղ սկսելու», ըսած է ան:

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահ  Երկիրներու  Արտաքին Գործոց Նախարարներուն  Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապին Մասին

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կ՛աշխատին Կողմերուն Հետ Կրակոցի Դադրեցման Յստակ Շրջագիծերուն Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շուրջ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որով կ՛ողջունեն Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութիւնը` մարդասիրական նպատակներով կրակոցի դադրեցման վերաբերեալ, եւ կողմերուն կոչ ուղղած են ամբողջութեամբ կատարելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ աշխուժ կերպով կը...

Փութին Եւ Ռուհանի Կը Դատապարտեն  Սուրիոյ Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Գործողութիւնները

Փութին Եւ Ռուհանի Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Շուրջ Տիրող Իրավիճակը

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին եւ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ տիրող կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ: Տեղի ունեցած է ղարաբաղեան տագնապի շուրջ տիրող իրավիճակին...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի  Յարձակումներուն Վերաբերող Հարցեր

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Երէկ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ: «Զրոյցի ընթացքին կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ, որ ձեւաւորուած է Մոսկուայի մէջ 9-10 հոկտեմբեր կայացած եռակողմ հանդիպման հիմամբ: Ընդգծուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութեան բոլոր կէտերուն...

Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ  Բանակցութիւններու  Ճամբով Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

Ֆրանսան Կ՛ողջունէ Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Զինադադար Յայտարարելու Որոշումը

  Հիմա զինադադարի դրութիւնը պէտք է խստօրէն պահպանուի զինուորական գործողութիւններու մնայուն դադրեցման համար: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական զինադադարի հաստատումը: «Ֆրանսան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մարդասիրական նպատակներով զինադադարի յայտարարութիւնը: Այժմ անիկա պէտք է գործադրուի եւ խստօրէն պահպանուի երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործողութիւններու մնայուն դադրեցման համար պայմաններ ստեղծելու...

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Շուրջ Արձագանգներու Հարցով. Թուրք Դիւանագէտը Կանչուած Է Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Գերմանիա Կ՛ողջունէ Մոսկուայի Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Գոյացած Մարդասիրական Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ յարգելու կրակոցի դադրեցման դրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Դաշնակցային կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած մարդասիրական զինադադարի պայմանաւորուածութիւնները եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ յարգելու զայն ու խուսափելու հետագայ զոհերէն», նշած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կրակոցի Դադրեցման Համաձայնագիրը Զինադադարի Կարելիութիւն Է»  Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կրակոցի Դադրեցման Համաձայնագիրը Զինադադարի Կարելիութիւն Է» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Ռուսիոյ դաշնակցային ժողովի դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւի կարծիքով` կրակոցի դադրեցման մասին համաձայնագիրի որդեգրումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի կարելիութիւն կայ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Տեղի ունեցած է գլխաւորը` քանդուած է փոխադարձ բռնութեան փակ օղակը: Գոյութիւն ունի եթէ ոչ խաղաղութեան, ապա զինադադարի կարելիութիւն: Ատիկա աւելի լաւ է, քան ոչինչ: Սադրիչները, եթէ դարձեալ յայտնուին,...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Կարծիքով.  Ազրպէյճան Պիտի Չհարուածէ Հայաստանի Տարածքը,  Որովհետեւ Անոր Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Չունի

ՀԱՊԿ-ն Չ՛ողջուներ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն Դուրս Երկիրներու Միջամտութիւնը

  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) չ՛ողջուներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը, եթէ անոնք կը գործեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրութեան շրջանակներէն դուրս: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: «Այդ իրադարձութիւններու մասնակիցներու ընդլայնումը չի բխիր իրավիճակի կարգաւորման, տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան մեղմացման շահերէն: Այդ պատճառով մենք կ՛ողջունենք մասնակցութիւնը այն երկիրներուն,...

Ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարը`  «Համաձայնագիրը Ճամբայ Կը Բանայ Դէպի Բովանդակային Բանակցութիւններ»   Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նախագահը

Ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարը` «Համաձայնագիրը Ճամբայ Կը Բանայ Դէպի Բովանդակային Բանակցութիւններ» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նախագահը

ԵԱՀԿ-ի նախագահ Էտի Ռաման ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական զինադադարի հաստատումը: Ան այս մասին գրած է իր թուիթըրեան էջին վրայ: «Համաձայնագիրը ճամբայ կը բանայ դէպի բովանդակային բանակցութիւններ», ըսած է ան` կարեւոր նկատելով թէ՛ ցամաքային, թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ղեկավարած հոլովոյթին մէջ կայունութիւնը:

Քանատա Կասեցուց Թուրքիոյ Զէնքի  Մատակարարումը

«Թուրքիան Եւ Մնացեալ Պետութիւնները Պէտք Չէ Խառնուին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին» Կ՛ըսէ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քանատան յստակ շեշտած է` Թուրքիան եւ այլ երկիրներ պէտք չէ խառնուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու տագնապին: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը: Օթաուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացաւ, երբ վերջերս Քանատան դադրեցուց Թուրքիոյ զէնքի վաճառքը, որովհետեւ վերջինս աշխուժ ռազմական-արհեստագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ...

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աշխատին Գործընկերներու Հետ, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Պատճառով Ազրպէյճանական Կազի Դէպի Եւրոպա Արտածումը Չտուժէ»   Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարը

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աշխատին Գործընկերներու Հետ, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Պատճառով Ազրպէյճանական Կազի Դէպի Եւրոպա Արտածումը Չտուժէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարը

Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին գործընկերներու հետ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով ազրպէյճանական կազի դէպի Եւրոպա արտածումը չտուժէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Տեն Պրիուեթ: «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կարճ ժամկէտի մէջ չլուծուի, ժամանակի ընթացքին լուրջ վնաս պիտի հասցնէ շրջանին», նշած է ամերիկացի պաշտօնատարը` նկատելով, որ աշխուժ աշխատանքներ կը տարուին դէպի Եւրոպա կազի...

Ֆրանչիսկոս Պապը Ողջունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը Եւ Խաղաղութեան Աւելի Ամուր Պայմանագիրի Կնքման Յոյս Յայտնած

Ֆրանչիսկոս Պապը Ողջունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը Եւ Խաղաղութեան Աւելի Ամուր Պայմանագիրի Կնքման Յոյս Յայտնած

Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ողջունէ մարդասիրական նպատակներով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը զինադադարի մասին եւ յոյս յայտնած, որ ատիկա պիտի բերէ աւելի կայուն խաղաղութեան: «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը համաձայնութեան եկած են մարդասիրական պատճառներով զինադադարի մասին: Յոյսով եմ, որ ատիկա պիտի բերէ խաղաղութեան առաւել ամուր պայմանագիրի կնքման` հակառակ ներկայ զինադադարի խոցելիութեան: Իմ մտերմութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կը տանջուին կորուստներու եւ...

Կիպրոսի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւ

Կիպրոսի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւ

Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու տան միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան: «Ներկայացուցիչներու տունը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւնը Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին` վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծումը, կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու...

Ալիեւ. «Հայաստանին Վերջին Առիթ Պիտի Տանք Իր Ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացնելու»

Ալիեւ. «Հայաստանին Վերջին Առիթ Պիտի Տանք Իր Ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացնելու»

Աքար. «Զինուորական Գործողութիւնները Հայկական Բռնագրաւումին Վերջ Տալէ Առաջ Պիտի Չդադրին» Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Երեւանին «վերջին առիթ» մը կու տայ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան եւ իր ուժերը հեռացնելու Լեռնային Ղարաբաղէն: «Հայաստան պէտք է ընդունի Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքները եւ հեռանայ Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ հողերէն», շեշտեց ան: Ան նշեց, որ համաձայն չէ այն պնդումին, թէ...

Էլիզէի Պալատէն Աֆփ-ին Հասած Տեղեկութիւններուն Համաձայն.  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարը Կրնայ 9 Հոկտեմբերի Գիշերը Կամ Այսօր Առաւօտեան Հաստատուիլ

Էլիզէի Պալատէն Աֆփ-ին Հասած Տեղեկութիւններուն Համաձայն. Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարը Կրնայ 9 Հոկտեմբերի Գիշերը Կամ Այսօր Առաւօտեան Հաստատուիլ

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին լոյսին տակ, Ֆրանսայի մէջ յոյս ունին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շուտափոյթ զինադադար պիտի հաստատուի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած են Էլիզէի պալատէն` ամփոփելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները: ԱՖՓ «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ յայտնած է, որ...

Մաքրոն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Մաքրոն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ղարաբաղեան տագնապի իրավիճակին շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ալիեւի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան: «9 հոկտեմբերին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Պետութիւններու ղեկավարները քննարկում կատարած են ղարաբաղեան տագնապի հարցով հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն շուրջ», հաղորդած է Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը:  

Խօսելով Այս Օրերուն Հայերուն Սպառնացող Վտանգներուն Մասին`  «Հայ Համայնքը Մտահոգ Է, Այստեղի Քաղաքական Գործիչները, Մտաւորականները Պէտք Է Աւելի Բարձր Խօսին Խաղաղութիւն Ստեղծելու Մասին»  Կ՛ըսէ Տողան

Խօսելով Այս Օրերուն Հայերուն Սպառնացող Վտանգներուն Մասին` «Հայ Համայնքը Մտահոգ Է, Այստեղի Քաղաքական Գործիչները, Մտաւորականները Պէտք Է Աւելի Բարձր Խօսին Խաղաղութիւն Ստեղծելու Մասին» Կ՛ըսէ Տողան

Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ աւագանիի հայազգի անդամ Սելինա Տողանի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքին նկատմամբ եղած են սպառնալիքներու դրսեւորումներ: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին մատնանշած է այս օրերուն փողոցներուն մէջ ազրպէյճանական դրօշներով ցոյցերը` խօսելով Արցախի մէջ սկսած պատերազմի ընթացքին ազգայնականներու կողմէ Թուրքիոյ հայ համայնքին ուղղուած սպառնալիքներուն մասին: «Եղած են որոշ ակնարկներ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, թէ պիտի...

«Կարեւոր Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները Անյապաղ Դադրեցնել Եւ Անցնիլ Հիմնախնդիրի Խաղաղ Լուծման» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Վարչապետը

«Կարեւոր Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները Անյապաղ Դադրեցնել Եւ Անցնիլ Հիմնախնդիրի Խաղաղ Լուծման» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Վարչապետը

«Ես կը ցաւակցիմ բոլոր զոհերու հարազատներուն եւ վիրաւորներուն, մենք կը ցաւինք բոլոր անոնց հետ, որոնք կորսնցուցած են իրենց հարազատները` այս տագնապին մէջ: Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)  Միջկառավարական խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը: «Ի հարկէ, կարեւոր է ապահովել անյապաղ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում եւ անցնիլ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման: Ռուսիան պատրաստ է ատոր նպաստելու...

Ալիեւ Եղածին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Հայկական Կողմը

Ալիեւ Խոստովանած Է Ազրպէյճանի Մէջ Թրքական «Էֆ-16»-ներու Գոյութիւնը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոստովանած է, որ Ազրպէյճանի մէջ թրքական օդուժի «Էֆ-16» հալածիչներ կան: Ան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ թրքական հալածիչները Ազրպէյճան տարուած են ռազմափորձերուն մասնակցելու նպատակով: Ան պնդած է, թէ անոնք «գետնի վրայ են» եւ չեն օգտագործուիր: Ալիեւ յիշատակած է տակաւին նախորդ տարի կատարուած ազրպէյճանական-թրքական միացեալ 10 ռազմափորձերը, որոնց մասնակցած է նաեւ օդուժը: Հարց կը յառաջանայ` ինչու...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Մոսկուայի Եւ Անգարայի Միջեւ Եղած Տարակարծութիւններուն

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Մոսկուայի Եւ Անգարայի Միջեւ Եղած Տարակարծութիւններուն

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտարարած է, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եղած տարակարծութիւնները երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու վատթարացման պիտի չառաջնորդեն: Շենթոփ այս մասին յայտնած է ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան: «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հարուստ պատմական ժառանգութիւն ունին, անոնք մէկ անգամ չէ, որ փորձութիւններու ենթարկուած են: Սակայն թուրք եւ ռուս ժողովուրդներու փոխադարձ ցանկութեան եւ երկկողմանի քաղաքական...

Page 419 of 883 1 … 418 419 420 … 883

Արխիւներ