Ազրպէյճան խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչած է Յունաստանի մէջ իր դեսպանը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններուն Յունաստանի քաղաքացիներու մասնակցութեան մասին հաղորդագրութիւններու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան:
«Ազրպէյճանական կողմը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնած է բաց աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններու մասին, թէ Ազրպէյճանի «շրջափակուած» տարածքներ հասած են օտարերկրեայ քաղաքացիներ, ներառեալ` Յունաստանի ծագումով հայ քաղաքացիներ` մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու համար, եւ դիմած է հակառակ կողմին` համապատասխան հետաքննութիւն կատարելու խնդրանքով: Այնուհետեւ, Յունաստանի կողմէ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչելու որոշումին վերաբերեալ Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Պաքու», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Մէկ օր առաջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի որոշումով, Աթէնք խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչած է Ազրպէյճանի մէջ իր դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսը: Այս մասին յայտարարած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` հրապարակելով յայտարարութիւն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ անընդունելի պնդումներու վերաբերեալ:
«Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 6 հոկտեմբերին Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին խիստ դժգոհութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի կառավարութեան բացարձակապէս անհիմն եւ վիրաւորական պնդումներուն վերաբերեալ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ Յունաստանի տարածքէն համացանցահէնական հարուածներ կը գործուին Ազրպէյճանի դէմ, ահաբեկիչ-զինեալներու հաւաքագրման ջանքեր կը կատարուին, եւ ենթադրաբար յունական պետութիւնը հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ ահաբեկչական գործողութիւններու նախապատրաստութեան հարցին մէջ:
«Ի շարունակութիւն դժգոհութեան յայտարարութեան` Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի որոշումին համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Ն. Փիփերիկոս տուն կանչուած է Աթէնք` խորհրդակցութիւններու համար», նշուած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: