Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լը Մոնտ»-ը` Ղարաբաղեան Տագնապի Թուրքիոյ Մասնակցութեան Մասին. «Էրտողան Թէ՛ Քրեմլինը, Թէ՛ Ալ Սպիտակ Տունը Կը Ծաղրէ»

Հոկտեմբեր 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական ականաւոր «Լը Մոնտ» օրաթերթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը` յայտարարելով, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանին օգնութիւն ցուցաբերելով, կը ծաղրէ Քրեմլինը ու Սպիտակ տունը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի յարձակումին Անգարայի աջակցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ միջին տէրութիւն մը ինչպէս կրնայ ճնշել ռուսական եւ ամերիկեան գերտէրութիւններուն», գրած է յօդուածի հեղինակ Ալեն Ֆրաշոն:

«Ո՞ւր է ամերիկեան ղեկավարութիւնը, երբ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն մէկը` Թուրքիան, առանց իր «դաշնակիցները» նախազգուշացնելու, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններ «կը վերսկսի»: Ո՞ւր է Ռուսիոյ առաւելութիւնը իր աւանդական «ազդեցութեան գօտիին մէջ», երբ Թուրքիոյ աջակցութեամբ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը յարձակում կը գործէ միւսին` Հայաստանի վրայ: Էրտողանի Թուրքիան` շրջանային ահռելի յաւակնութիւններ ունեցող այս տէրութիւնը, կը ծաղրէ Քրեմլինը եւ Սպիտակ տունը, Վլատիմիր Փութինին եւ Տանըլտ Թրամփին», կը նշէ յօդուածի հեղինակը:

«Սովորաբար, նման պարագաներու Քրեմլինը հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ մարտերու դադրեցման ազդանշան կու տայ եւ երկուքն ալ կ՛ենթարկուին իրենց զէնքի մատակարարին: Սակայն այս անգամ Թուրքիոյ շնորհիւ Ազրպէյճան կրնայ ինքնագլուխ գործելու իր աւելի մեծ կարողութեան վրայ յոյս դնել: Ղարաբաղի մէջ թրքախօս Ազրպէյճանի գործը Թուրքիոյ նախագահին գործը դարձած է», կը նշէ լրագրողը:

«20-րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ հայերու կոտորածը իբրեւ Ցեղասպանութիւն որակած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը դժուար թէ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակից Թուրքիոյ` Ղարաբաղի հայերուն վրայ յարձակումը դրական գնահատէ: Ընդունուած է կարծել, թէ պատմութիւնը Թուրքիոյ կը պարտադրէ գոնէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նկատմամբ չէզոքութիւն պահել, սակայն Թրամփ թոյլ է Էրտողանի հանդէպ: Պոսֆորի ղեկավարին յատուկ են յանկարծական մղումով մենատիրական վարուելակերպը, յանդգնութիւնը եւ փորձագէտները ծաղրելու կարողականութիւնը, որոնք այլ տպաւորութիւն կը ձգեն ամերիկացի ղեկավարին վրայ», կ՛ընդգծէ Ֆրաշոն:

Կը նշուի, որ Էրտողան Կովկասի, Միջին Արեւելքի, Լիպիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ  շրջանային զաւթողամոլ քաղաքականութիւն վարելու ազատութիւն ստացած է այն պահէն, երբ Միացեալ Նահանգներ նկատած են, որ Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ մնալը կ՛արդարացնէ անոր բոլոր արարքները: Յօդուածագիրին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կ՛ափսոսան, սակայն ատոր կը համաձայնին:

«1956 թուականին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տուայթ Այզընհաուըրը, որուն այդ ժամանակ կ՛ընդունէր նաեւ Խորհրդային Միութիւնը, բրիտանացիներուն, ֆրանսացիներուն եւ իսրայէլացիներուն հրամայեց դադրեցնել Եգիպտոսի դէմ զինուորական գործողութիւնները, անոր հրամանը կատարուեցաւ: 1990-ականներուն Մոսկուայի համաձայնութեամբ Պալքաններուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու կոչերուն նոյնպէս ենթարկուեցան: Իսկ այժմ «միջին հզօրութիւն» ունեցող Էրտողանը մոլորութեան մատնած է թէ՛ Փութինը, թէ՛ Թրամփը», եզրափակած է Ֆրաշոն:

Նախորդը

«Թուրքիան Շրջանին Մէջ Կայունութիւնը Խաթարող Երկիր Կը Դառնայ. Ան Ներգրաւուած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Յաջորդը

«Մենք Պատրաստ Ենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Շիֆ

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?