Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչած է «ողբերգութիւն»` նշելով, որ մտահոգ է այդ առնչութեամբ:
ԹԱԱՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը այս մասին յայտնած է լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Ասիկա ողբերգութիւն է: Մենք շատ մտահոգուած ենք, որովհետեւ թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը այն տարածքներն են, ուր մեզի համար հարազատ մարդիկ կ՛ապրին», ըսած է Փութին ի պատասխան լրագրողի` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները գնահատելու խնդրանքին:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծումը տակաւին հեռու է, սակայն պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակոցը», աւելցուցած է Փութին:
Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ռուսիոյ հետ որեւէ հարց չունի իր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն կատարման վերաբերեալ: