Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար տարբեր մակարդակներու, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակի վրայ երկխօսութիւն կը կատարէ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Երկխօսութիւնը կը շարունակուի տարբեր մակարդակներու վրայ, ներառեալ` բարձրագոյնը: Աւելին չեմ կրնար ըսել», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Փեսքով: