Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կարծիքով` Ազրպէյճան պիտի չհարուածէ Հայաստանի տարածքը, որովհետեւ անոր նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի:
«Ես վստահ եմ, որ իրավիճակի այդպիսի զարգացում պիտի չըլլայ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Ազրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի եւ ոտնձգութիւն չի կատարեր տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Երկրորդ` ինծի կը թուի, որ այնտեղ բաւականաչափ ողջմտութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունին սեփական ժողովուրդին նկատմամբ, որպէսզի այդպիսի որոշումներ չորդեգրեն` հասկնալով, որ ատիկա անմիջապէս պիտի փոխէ իրավիճակը», ըսած է ան լրագրողներուն: