Միջազգային

Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրէն Ապաքինելէն Ետք Վերադարձաւ Աշխատանքի

Պորիս Ճոնսընի` Երկիրը Փակելու Որոշումին Կ՛ընդդիմանան Իր Իսկ Կուսակցութեան Անդամները

«Էքոնոմիքթայմզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն նախանցեալ օր Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին ներկայացուց երկիրը չորս շաբթուան համար փակելու իր ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Այս ծրագիրին մասին յայտարարուեցաւ շաբաթ օր, երբ գիտնականներ կառավարութեան յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն արագօրէն բարձրացող թիւը կրնայ պատճառ դառնալ, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին հիւանդանոցներուն մէջ ազատ տեղեր չմնան: Պորիս Ճոնսընի այս որոշումին կ՛ընդդիմանան իր...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ազդարարեն Թրքական  Ինճիրլիք Ռազմակայանին Տեղափոխումը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ազդարարեն Թրքական Ինճիրլիք Ռազմակայանին Տեղափոխումը

Ուաշինկթըն ամբողջ եւրոպական ցամաքամասին վրայ կը փնտռէ Միացեալ Նահանգներու թէ՛ հերթական, թէ՛ ալ մնայուն ներկայութեան կարելիութիւնները: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին` արդեօք Միացեալ Նահանգներ որեւէ այլընտրանք գտա՞ծ են Թուրքիոյ հարաւային Ինճիրլիքի շրջանին մէջ գտնուող ռազմակայանի մասին հարցումին ի պատասխան նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական-ռազմական գործերով օգնական Ռ. Քլարք Քուփըր: «Ահվալնիուզ» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին...

Վրաստանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Եօթը  Կուսակցութիւն  Եւ  Երկու Դաշինք Յաջողած Են

Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Եօթը Կուսակցութիւն Եւ Երկու Դաշինք Յաջողած Են

Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը կիրակի օր խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջողած  է ստանալով ձայներուն 48,15 տոկոսը:  «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները, «Արմէնփրես» կը յայտնէ, թէ  երկրորդ դիրքի վրայ յաջողած է Միխայիլ Սահակաշվիլիի «Ուժը միասնութեան մէջ է» ընդդիմադիր դաշինքը`  27,14 տոկոսով: Այսպիսով, Վրաստանի նորընտիր խորհրդարանին մէջ կը ձեւաւորուի բազմակուսակցական դրութիւն: Արդիւնքներէն դժգոհ կողմեր ընդդիմութեան բողոքի ելոյթներ ունեցած են Թիֆլիսի մէջ` թիրախ ունենալով ...

Զինեալներ 19 Անձեր Կը Սպաննեն  Քապուլի Համալսարանին Մէջ

Զինեալներ 19 Անձեր Կը Սպաննեն Քապուլի Համալսարանին Մէջ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախանցեալ օր Աֆղանիստանի Քապուլի համալսարանին մէջ երեք զինեալներ կրակ բացած են ուսանողներուն վրայ` պատճառելով առնուազն 19 զոհեր, նախքան անոնց սպանութիւնը Աֆղանիստանի ապահովական ուժերուն կողմէ: Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ յարձակումն է քաղաքի կրթական հաստատութեան մը վրայ: Ականատես մը նշեց, որ զինեալները դասարաններուն մէջ կրակած են ուսանողներուն վրայ, ինչպէս նաեւ սպաննած են փախուստ տուողները: Թալեպան շարժումը...

Ալիեւ. «Ռուսիա Պէտք Է Չէզոք Դիրքորոշում  Պահպանէ Ղարաբաղեան Տագնապի Մէջ»

Ալիեւ. «Ռուսիա Պէտք Է Չէզոք Դիրքորոշում Պահպանէ Ղարաբաղեան Տագնապի Մէջ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիա պէտք է չէզոք դիրքորոշում պահպանէ ղարաբաղեան տագնապին մէջ, ինչպէս կը պահանջէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տրուած ԵԱՀԿ-ի յանձնարարագիրը: «Առաջին` մենք Հայաստանի վրայ չենք յարձակած: Երկրորդ` Ռուսիա Մինսքի խմբակի համանախագահ է եւ պէտք է չէզոք դիրքորոշում պահպանէ, ինչպէս նաեւ բոլոր համանախագահները` ԵԱՀԿ-ի տուած յանձնարարագիրին համաձայն», նշած է Ալիեւ:

Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Կրնայ Լուծարել  Թրքական «Գորշ Գայլեր»  Ծայրայեղ Ազգայնական Շարժումը

Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Կրնայ Լուծարել Թրքական «Գորշ Գայլեր» Ծայրայեղ Ազգայնական Շարժումը

«Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին կրնայ որոշում կայացնել թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական շարժման լուծարման գծով: Այս մասին Ազգային ժողովին յայտնած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանինը: Նախարարը նշած է, որ ատիկա յարձակողական խմբաւորում է: Կը նշուի, որ Տարմանին այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի մէջ իսլամութեան հարցով Փարիզի եւ Անգարայի...

Վիեննայի Մէջ.  Ահաբեկչական Յարձակում` Սինակոկի Մը Վրայ

Վիեննայի Մէջ. Ահաբեկչական Յարձակում` Սինակոկի Մը Վրայ

Երէկ երեկոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ գտնուող սինակոկի մը մէջ անյայտ անձ մը քանի մը կրակոց արձակած եւ ինքզինք պայթեցուցած է: Վիեննայի տեղական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ կան 7 զոհեր: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ բացառած, որ դէպքը կապ ունենայ ահաբեկչութեան հետ` աւելցնելով, որ յարձակումը կատարած են մէկէ աւելի անձեր:

Ճօ Պայտըն Ընդդէմ Տանըլտ Թրամփի.  Յաջորդ 4 Տարիներուն Միացեալ Նահանգներ  Ինչպիսի՞ Դիմագիծ Պիտի Ունենան

Ճօ Պայտըն Ընդդէմ Տանըլտ Թրամփի. Յաջորդ 4 Տարիներուն Միացեալ Նահանգներ Ինչպիսի՞ Դիմագիծ Պիտի Ունենան

«Էքոնոմիքթայմզ» կայքը կը հաղորդէ, որ 2020 թուականի ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնը շատ տարբեր է նախորդ նախագահական ընտրութիւններէն, քանի որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ «Քորոնա» համաճարակի պայմաններուն մէջ եւ նախընտրական արշաւներուն հիմնական խօսակցութեան կէտը կը հանդիսանայ ամերիկեան-չինական յարաբերութիւնը: 3 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ ամերիկեան նախագահական շատ սպասուած ընտրութիւնը: Ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ դեմոկրատական նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն կը շարունակեն փոխադարձ ցեխարձակումներ կատարել: Կայքը...

Անգլիացի Վեթերան Լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք  Կը Մահանայ 74 Տարեկանին

Անգլիացի Վեթերան Լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք Կը Մահանայ 74 Տարեկանին

«Պի.Պի.Սի.» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ իր մահկանացուն կնքեց վեթերան արտասահմանեան լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք` հաւանական կաթուածի պատճառով: Ֆիսք 1970-էն սկսեալ բազմաթիւ մրցանակներ շահած էր իբրեւ միջինարեւելեան իրադարձութիւններու լրագրող: Բայց ան նաեւ ունէր հակառակորդներ` Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի արտաքին քաղաքականութեան հասցէին կատարած իր սուր քննադատութիւններուն համար: Աւելի քան հինգ տասնամեակ բրիտանական թերթերուն համար թղթակցութիւն կատարելով Պալքաններու, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային...

Քեպեքի Մէջ Անծանօթ Մը Սուրով Յարձակում  Կը Գործէ` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Քեպեքի Մէջ Անծանօթ Մը Սուրով Յարձակում Կը Գործէ` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Անծանօթ մը նախանցեալ օր ճափոնական Քաթանա սուրը յիշեցնող գործիքով անակնկալ յարձակում գործեց Քանատայի Քեպեք քաղաքի մէկ թաղամասին մէջ` պատճառելով երկու զոհ եւ հինգ վիրաւոր: Ըստ «Սի. Պի. Սի.» լրատուական կայանին, ձերբակալեալ 24-ամեայ յանցագործին հետ նախնական հարցաքննութիւններէն կը հետեւցուի, թէ ան պատահականօրէն հարուածած է իր զոհերը եւ թէ որեւէ կապ կամ առնչութիւն չունի ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ: Յանցագործը դարմանումի կ՛ենթարկուի քանատական հիւանդանոցի...

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը  Կը Վերադառնայ Անգարա

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Վերադառնայ Անգարա

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրվէ Մաքրոն կը վերադառնայ Անգարա: Ըստ հայրենի «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան` պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին: Նշենք, որ Ֆրանսայի դեսպանը տուն կանչուած էր անցնող 24 հոկտեմբերին` հակազդելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ նախագահ Մաքրոնին հասցէագրուած վիրաւորական արտայայտութեան: Արդարեւ, Կեսարիոյ մէջ գումարուած Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ...

Շաբաթավերջին Իզմիրի Երկրաշարժին  Մահացածներու Թիւը Բարձրացաւ 69-ի

Շաբաթավերջին Իզմիրի Երկրաշարժին Մահացածներու Թիւը Բարձրացաւ 69-ի

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին 6,6 աստիճան տարողութեամբ պատահած  երկրաշարժէն փրկուածներու փնտռտուքի աշխատանքները: Կիրակի երեկոյեան մահացածներու թիւը բարձրացած էր 69-ի, իսկ վիրաւորներունը` 940-ի: Շաբաթավերջին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելեց Իզմիր` մօտէն հետեւելով փնտռտուքի եւ դարմանումի աշխատանքներուն: Ան խոստացաւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին նոր բնակարաններ ապահովել աւերուած տուներու բնակիչներուն, նախքան անձրեւներու տեղումը: Սամսոնի մէջ գումարուած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համագումարին...

Ամենայն Սրբոց Տօնին Առիթով  Իր Կիրակնօրեայ Պատգամին Մէջ.  Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղեց  Անյապաղ Միջամտել` Արցախի Մէջ  Արիւնահեղութեան Դադրեցման Համար

Ամենայն Սրբոց Տօնին Առիթով Իր Կիրակնօրեայ Պատգամին Մէջ. Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղեց Անյապաղ Միջամտել` Արցախի Մէջ Արիւնահեղութեան Դադրեցման Համար

«Կ՛ուզէի վերանորոգել իմ սրտագին կոչս` տագնապին մաս կազմող կողմերու պատասխանատուներուն, որպէսզի որքան կարելի է այնքան շուտ միջամտեն` կասեցնելու համար անմեղ արեան հեղումը» շեշտեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը երէկ, իր կիրակնօրեայ պատգամին մէջ «ողբերգական» նկատելով Արցախի մէջ պատահող դէպքերը: «Այս տօնական օրուան առիթով չմոռնանք այն, ինչ որ կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր զինեալ բախումներ իրարու կը յաջորդեն դիւրաբեկ զինադադարներու, զոհերու ողբերգական...

Բացայայտօրէն Հաստատելով Արցախի Վրայ  Յարձակման Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը`  Էրտողան Պաքու Կը Գործուղէ Թուրք Վարիչներ

Բացայայտօրէն Հաստատելով Արցախի Վրայ Յարձակման Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը` Էրտողան Պաքու Կը Գործուղէ Թուրք Վարիչներ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ` կիրակի այցելեց Պաքու: Ան յայտնեց, որ Պաքու պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը, ինչպէս նաեւ` պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Բացայայտօրէն հաստատելով Արցախի դէմ շղթայազերծուող պատերազմին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը` Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ իրենք Պաքու կ՛այցելեն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յանձնարարութեամբ: «Մենք նախագահին յանձնարարութիւնը ունինք Ազրպէյճանին մինակ չձգել այս գործընթացին մէջ, պարբերաբար այցելել Պաքու եւ...

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը  Ստանձնեց Թրքական Նաւթատարի  Պայթումի Պատասխանատուութիւնը

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Ստանձնեց Թրքական Նաւթատարի Պայթումի Պատասխանատուութիւնը

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի զանգուածային լրատուամիջոցներուն համաձայն, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ստանձնած է չվերամշակուած նաւթը շրջանէն դէպի  Թուրքիա տեղափոխող  թրքական նաւթատարի պայթումին պատասխանատուութիւնը: «Փարս թուտէյ»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները, «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ ապստամբները պայթեցուցած են Թուրքիոյ հարաւային Մարտին նահանգի Բաղուք թաղամասէն փոխանցուող  նաւթատար խողովակը: 31 հոկտեմբերին տեղի ունեցած այդ յարձակումէն ետք, Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի տեղական կառավարութիւնը պաշտօնապէս...

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում.  Ֆրանսացի Իրաւապահները  Ձերբակալած Են Ահաբեկիչը

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում. Ֆրանսացի Իրաւապահները Ձերբակալած Են Ահաբեկիչը

29 հոկտեմբերին դանակով զինուած տղամարդ մը Նիսի կեդրոնին մէջ յարձակած է Նոթր Տամ եկեղեցւոյ ծխականներուն վրայ: Դէպքին պատճառով զոհուած է երեք հոգի: Յարձակողը ձերբակալուած է: Յարձակումի հետաքննութեան միացած է Ֆրանսայի Ազգային հակաահաբեկչական դատախազութիւնը: Ինչպէս յայտնած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Էրիք Չիոթին, յարձակում գործող ահաբեկիչը ծագումով թունուզցի է: Նիսի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ Ֆրանսացի իրաւապահները ձերբակալած են...

Փութին Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փութին Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Փեսքովը, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը: «Քննարկուած է Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման շեշտադրումով», ըսած է Փեսքով: Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ զգուշացուցած է պետութեան տարածքին մէջ ծայրայեղական ահաբեկիչներու աշխուժացման...

Պունտըսթակի Քննարկումներ.  Հրադադարի Պահանջ,  Այլապէս Ալիեւը Պիտի Զրկուի  Եւրոպական Միութեան Սատարումէն

Պունտըսթակի Քննարկումներ. Հրադադարի Պահանջ, Այլապէս Ալիեւը Պիտի Զրկուի Եւրոպական Միութեան Սատարումէն

Նախանցեալ օր Գերմանիոյ Պունտըսթակին մէջ իշխող համաձայնական դաշինքի` Քրիստոնեայ ժողովրդավարական - Քրիստոնեայ ընկերային միութեան եւ Ընկերվար ժողովրդավարական խմբակցութեան երեսփոխաններուն պահանջով բանավէճ մը տեղի ունեցաւ «Խաղաղ լուծում Լեռնային Ղարաբաղի համար» նիւթով: «Ազգ» օրաթերթի լրագրող Անահիտ Յովսէփեան կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինին մէջ հրաւիրուած քննարկումին բացումը կատարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, որ տեղեկացուց, թէ խաղաղ բանակցութիւններուն վերադառնալու հրամայականը կը...

Իզմիրի Մէջ Տեղի Ունեցած Է  Երկրաշարժ` 6,6 Աստիճան Ուժգնութեամբ

Իզմիրի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Երկրաշարժ` 6,6 Աստիճան Ուժգնութեամբ

Թուրքիոյ Իզմիր շրջանին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով մահացած է առնուազն 21, վիրաւորուած է 709 հոգի, 2 տասնեակէ աւելի շէնքեր փլած են: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ բնական աղէտներու գործակալութիւնը: Եգէական ծովու աւազանին մէջ տեղի ունեցած 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով Սամոս կղզիին մէջ աւերուած են շարք շինութիւններ, անոնց կարգին նաեւ Պալքաններու մեծագոյն եկեղեցիներէն մէկը` Ս. Մարիամ...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛առաջարկեն Ղարաբաղեան  Տագնապի Գօտիին Մէջ Տեղակայել  Սքանտինաւեան Երկիրներէ Խաղաղապահներ

Միացեալ Նահանգներ Կ՛առաջարկեն Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Տեղակայել Սքանտինաւեան Երկիրներէ Խաղաղապահներ

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայըն առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ սքանտինաւեան երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել: Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, Օ՛Պրայըն ըսած է, որ տագնապի գօտիին մէջ որեւէ զինեալ խաղաղապահ ուժ պէտք չէ ներառէ ներկայացուցիչներ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ինչպէս նաեւ դրացի պետութիւններէն: «Թուրքիոյ որեւէ տեսակի միջնորդութիւն կամ խաղաղապահ դերակատարութիւն անընդունելի է ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, նոյնպէս ալ...

Page 411 of 883 1 … 410 411 412 … 883

Արխիւներ