Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգլիացի Վեթերան Լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք Կը Մահանայ 74 Տարեկանին

November 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պի.Պի.Սի.» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ իր մահկանացուն կնքեց վեթերան արտասահմանեան լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք` հաւանական կաթուածի պատճառով:

Ֆիսք 1970-էն սկսեալ բազմաթիւ մրցանակներ շահած էր իբրեւ միջինարեւելեան իրադարձութիւններու լրագրող:

Բայց ան նաեւ ունէր հակառակորդներ` Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի արտաքին քաղաքականութեան հասցէին կատարած իր սուր քննադատութիւններուն համար:

Աւելի քան հինգ տասնամեակ բրիտանական թերթերուն համար թղթակցութիւն կատարելով Պալքաններու, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն մասին, Ֆիսք «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ 2005-ին նկարագրուած էր իբրեւ «հաւանաբար Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի արտասահմանեան թղթակիցը»:

1946-ին ծնած Մայտըսթոնի, Քենթի մէջ, Ֆիսք աւելի ուշ ստացած է իրլանտական քաղաքացիութիւն եւ բնակած Տալքիի մէջ` Տուպլին մայրաքաղաքէն դուրս:

Իրլանտայի նախագահ Մայքըլ Տ. Հիկինզ իր մեծ տխրութիւնը յայտնեց Ֆիսքի մահուան առիթով` նշելով, որ անոր մահով լրագրութեան աշխարհը եւ Միջին Արեւելքը կորսնցուցին իրենց լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը:

Դառնալով «Թայմզ»-ի աշխատակից 1976-ին եւ հաստատուելով Պէյրութի մէջ, ան հետեւեցաւ եւ զեկուցեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, ինչպէս նաեւ 1979-ին իրանեան յեղափոխութեան, Աֆղանիստանի մէջ խորհրդային պատերազմին եւ իրանեան-իրաքեան պատերազմին մասին:

Ան 1989-ին հրաժարեցաւ «Թայմզ» օրաթերթէն եւ իր ասպարէզին մնացեալ մասը անցուց իբրեւ «Ինտիփընտընթ» օրաթերթի լրագրող: Ան 1990-ականներուն երեք անգամ հարցազրոյց վարեց Պըն Լատենի հետ:

 

Նախորդը

Քեպեքի Մէջ Անծանօթ Մը Սուրով Յարձակում Կը Գործէ` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Յաջորդը

Ճօ Պայտըն Ընդդէմ Տանըլտ Թրամփի. Յաջորդ 4 Տարիներուն Միացեալ Նահանգներ Ինչպիսի՞ Դիմագիծ Պիտի Ունենան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.