Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսթակի Քննարկումներ. Հրադադարի Պահանջ, Այլապէս Ալիեւը Պիտի Զրկուի Եւրոպական Միութեան Սատարումէն

Հոկտեմբեր 31, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Գերմանիոյ Պունտըսթակին մէջ իշխող համաձայնական դաշինքի` Քրիստոնեայ ժողովրդավարական – Քրիստոնեայ ընկերային միութեան եւ Ընկերվար ժողովրդավարական խմբակցութեան երեսփոխաններուն պահանջով բանավէճ մը տեղի ունեցաւ «Խաղաղ լուծում Լեռնային Ղարաբաղի համար» նիւթով:

«Ազգ» օրաթերթի լրագրող Անահիտ Յովսէփեան կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինին մէջ հրաւիրուած քննարկումին բացումը կատարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, որ տեղեկացուց, թէ խաղաղ բանակցութիւններուն վերադառնալու հրամայականը կը ստիպէ աւելցնել միջազգային ճնշումը երկու կողմերուն վրայ, իսկ ձմրան դէմ դնելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը եւ Գերմանիան ֆինանսական օգնութիւն պիտի տրամադրեն պատերազմէն տուժած շրջաններուն: Այս նպատակով Գերմանիան Կարմիր խաչին արդէն տրամադրած է 2 միլիոն եւրօ:

Տարբեր խմբակցութիւններէ 13 բանախօսներ վերահաստատեցին, որ Ազրպէյճանը զինուորական նախայարձակումի սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ եւ այդ երկիրն է, որ կը խախտէ մարդասիրական հրադադարը: Անոնք կրկնեցին, որ պատերազմական ոճիրները ակնյայտ են, պիտի քննուին միջազգային դատարանի մէջ: Անոնք նաեւ Թուրքիոյ չխնայեցին, իսկ զինուորական առումով շահեկան վիճակի մէջ գտնուող Ազրպէյճանէն պահանջեցին անմիջապէս վերադառնալ բանակցային սեղան, այլապէս պիտի զրկուի Եւրոպական Միութեան սատարումէն:

Միւս կողմէ, ըստ «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան, Գերմանիոյ Պունտըսթակի քրիստոնեայ ժողովրդավարական – Քրիստոնեայ ընկերային կառավարող կուսակցութիւններու խմբակցութեան երեսփոխան Մանֆրետ Կրունտ ըսած է, որ «պէտք է Արցախի վերակառուցման նուիրատուներու համաժողով նախաձեռնել»: «Հայերուն համար այս օրերուն կը կրկնուի սարսափելի պատմութիւն մը: Եւ ինչպէս միշտ իրենց պատմութեան ընթացքին` հայերուն յոյսը միայն իրենց վրայ է: Ինչպէս 1915-ին, անոր յաջորդած եւ նախորդած ջարդերուն ժամանակ, նաեւ այսօր ինքզինք քաղաքակիրթ նկատող աշխարհը իր աչքերը կը փակէ: Գերմանիան իրաւունք չունի 1915-ի իր սխալը կրկնելու եւ լռելու անարդարութեան դիմաց: Մենք պէտք է արդէն այսօր Ղարաբաղի վերակառուցման համար նուիրատուներու համաժողով նախաձեռնենք: Մենք պարտաւոր ենք ընել ամէն ինչ, որպէսզի 1915-ի պատմութիւնը չկրկնուի: Այն ժամանակուան մեղքի մեր բաժինը պարտաւոր ենք գոնէ հիմա քաւել», ըսած է Կրունտ:

Նախորդը

Իզմիրի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Երկրաշարժ` 6,6 Աստիճան Ուժգնութեամբ

Յաջորդը

Փութին Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?