Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորիս Ճոնսընի` Երկիրը Փակելու Որոշումին Կ՛ընդդիմանան Իր Իսկ Կուսակցութեան Անդամները

Նոյեմբեր 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էքոնոմիքթայմզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն նախանցեալ օր Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին ներկայացուց երկիրը չորս շաբթուան համար փակելու իր ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Այս ծրագիրին մասին յայտարարուեցաւ շաբաթ օր, երբ գիտնականներ կառավարութեան յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն արագօրէն բարձրացող թիւը կրնայ պատճառ դառնալ, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին հիւանդանոցներուն մէջ ազատ տեղեր չմնան:

Պորիս Ճոնսընի այս որոշումին կ՛ընդդիմանան իր իսկ կուսակցութենէն անդամներ, որոնք կը շեշտեն, որ երկիրը փակելը պատճառ պիտի դառնայ գործերու կրճատման եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման: Մինչ, ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը յայտնեց, որ չորեքշաբթի օր իր երեսփոխանները ի նպաստ պիտի քուէարկեն այս ծրագիրին:

Երեք շաբաթ առաջ վարչապետ Ճոնսըն որդեգրած էր «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու այլ մօտեցում մը` փակել այն շրջանները, ուր վարակուածներուն թիւը շատ բարձր է: Կառավարութիւնը այդ ձեւին դիմած էր` նուազեցնելու նոր փակումներուն տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները, սակայն այդ մօտեցումը ապարդիւն դարձաւ` տրուած ըլլալով, որ համաճարակը սկսաւ արագ տարածուիլ, ինչ որ կրնայ շատ աւելի բարձր թիւով մահերու պատճառ դառնալ ձմրան ընթացքին: Այդ պատճառով վարչապետը Ստորին պալատին պիտի յայտնէ, որ պէտք է դիմել ազգային մակարդակի վրայ քայլի մը:

Բրիտանիան Եւրոպայի ամէնէն բարձր մահացողներուն թիւը ունի` մինչեւ կիրակի արձանագրելով 46,807 մահուան պարագայ:

Առաջարկուած ծրագիրին մէջ, խանութներուն մեծ մասը փակ պիտի մնայ մինչեւ 2 դեկտեմբեր, իսկ սրճարանները եւ ճաշարանները պիտի սահմանափակուին առաքման ծառայութեամբ: Մարդոցմէ պիտի պահանջուի տունը մնալ եւ միայն դուրս գալ գործի, մարզանքի եւ հիմնական գնումներ կատարելու համար: Դպրոցները բաց պիտի մնան:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ազդարարեն Թրքական Ինճիրլիք Ռազմակայանին Տեղափոխումը

Յաջորդը

Խօսելով Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Մասին` «Իսլամական Ահաբեկչութիւնը Մեր Հասարակաց Թշնամին Է. Այդ Մարդասպաններուն Եւ Զանոնք Հրահրողներուն Դէմ Պայքարը Մեր Հասարակաց Պայքարն Է» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?