Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայըն առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ սքանտինաւեան երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել:
Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, Օ՛Պրայըն ըսած է, որ տագնապի գօտիին մէջ որեւէ զինեալ խաղաղապահ ուժ պէտք չէ ներառէ ներկայացուցիչներ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ինչպէս նաեւ դրացի պետութիւններէն:
«Թուրքիոյ որեւէ տեսակի միջնորդութիւն կամ խաղաղապահ դերակատարութիւն անընդունելի է ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, նոյնպէս ալ Հայաստանի համար», Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է Օ՛Պրայըն: