Միջազգային

«Թեհրանի Համար Կարեւոր Չէ, Թէ Ո՛վ Պիտի Յաղթէ  Միացեալ Նահանգներու Ընտրութեան»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Մասին` «Մեր Սահմաններուն Մօտ Ահաբեկիչներ Չըլլալը Մեզի Համար Շատ Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշած է, թէ իր երկրին համար շատ կարեւոր է, որ Իրանի սահմաններուն մօտ ահաբեկիչներ չըլլան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուհանին այս մասին նշած է իրանեան կառավարութեան նիստին ընթացքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն: «Մեր երկու դրացիները սեպտեմբեր ամիսէն զինուորական բախումներու մէջ են: Այս հարցին մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը աշխուժ եղած է, եւ...

Սլովաքիոյ Խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապին Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

Սլովաքիոյ Խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

Սլովաքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանաձեւ մը, որով կը վերահաստատէ, որ այդ տագնապը չունի զինուորական լուծում: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Հայաստան-Սլովաքիա բարեկամական խումբի ղեկավար, պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեան: «Սլովաքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ որդեգրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած բանաձեւ, ուր կը վերահաստատուին Մինսքի խմբակի համանախագահներուն դիրքորոշումները, թէ տագնապը չունի զինուորական լուծում, կը վերահաստատեն երեք հիմնական սկզբունքները`...

Եւրոպական Ուսանողական Միութիւնը Արցախի  Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Զինուորական  Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրած Է

Եւրոպական Ուսանողական Միութիւնը Արցախի Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրած Է

Եւրոպական ուսանողական միութիւնը միացած է Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութեան` եւրոպական հաստատութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կոչ ուղղելով` յստակ քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական ուսանողական միութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Կը նշուի, որ միութեան կառավարման խորհուրդի 79-րդ ժողովին ընթացքին Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութիւնը խորհուրդի...

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Լոյսին Տակ Երկրին Մէջ Պիտի Ստեղծուի  Պայթիւնավտանգ Կացութիւն»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Լոյսին Տակ Երկրին Մէջ Պիտի Ստեղծուի Պայթիւնավտանգ Կացութիւն» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ երկրին մէջ պիտի ստեղծուի պայթիւնավտանգ կացութիւն. երկրին մէջ կրնայ սահմանադրական ճգնաժամ սկսիլ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսպիսի կարծիք յայտնած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Անեկրեթ Քրամփ Քարենպաուըր` գերմանական «Զի.Տի.Էֆ.» պատկերասփիւռի կայանէն:  

Թուրքիան Յայտարարած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ  Երկրաբանական Հետախուզութեան Վերսկսման Մասին

Թուրքիան Յայտարարած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական Հետախուզութեան Վերսկսման Մասին

Թուրքիան յայտարարած է Միջերկրական ծովուն մէջ երկրաբանական հետախուզութեան աշխատանքներուն վերսկսելու մասին: Այդ աշխատանքները պիտի կատարէ «Պարպարոս Հայրետտին Փաշա» երկրաբանական հետախուզութեան նաւը: Այս մասին կը գրէ ռուսական «ռատիոսփութնիք.ռիա» կայքը` յղում կատարելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան: Աշխատանքները պիտի կատարուին մինչեւ 16 փետրուար, այդ ընթացքին նաւուն պիտի ուղեկցին «Թանօ-1» եւ «Ափոլլօ Մուն» նաւերը: Նախապէս թրքական «Օրուչ Ռէյիս» նաւը երկրաբանական հետազօտութիւններու սկսած էր Միջերկրական...

«Թեհրանի Համար Կարեւոր Չէ, Թէ Ո՛վ Պիտի Յաղթէ  Միացեալ Նահանգներու Ընտրութեան»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Թեհրանի Համար Կարեւոր Չէ, Թէ Ո՛վ Պիտի Յաղթէ Միացեալ Նահանգներու Ընտրութեան» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Թեհրանին կը հետաքրքրէ ամերիկեան յաջորդ վարչակազմի քաղաքականութիւնը եւ ոչ թէ ընտրութեան յաղթողը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իրանեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի: «Թեհրանի համար կարեւորը ամերիկեան յաջորդ վարչակազմի քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ այն, թէ Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան ո՛վ պիտի յաղթէ: Մենք կ՛ուզենք, որ մեզ յարգեն եւ ոչ թէ պատժամիջոցներու ենթարկեն», ըսած...

«Գահիրէն Առայժմ Լիպիոյ Հարցով Անգարայի Հետ  Համագործակցելու Կարելիութիւն Չի Տեսներ»  Կ՛ըսէ Շուքրի

«Գահիրէն Առայժմ Լիպիոյ Հարցով Անգարայի Հետ Համագործակցելու Կարելիութիւն Չի Տեսներ» Կ՛ըսէ Շուքրի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտնած է, որ Գահիրէն առայժմ Լիպիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ համագործակցելու կարելիութիւն չի տեսներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լիպիա Ռիվիու»-ն: Շուքրի ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ կան «ուժեր, որոնք կ՛աջակցին ծայրայեղականութեան եւ ատոր յարող աւազակախումբերուն, եւ կ՛աշխատին Սուրիայէն զինեալները եւ ահաբեկիչները Լիպիա տեղափոխելու ուղղութեամբ»: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Եգիպտոս պիտի շարունակէ լիպիական...

Ֆրանսայի Մէջ Պաշտօնապէս Արգիլուած Է  Թրքական «Գորշ Գայլեր» Խմբաւորման Գործունէութիւնը

Ֆրանսայի Մէջ Պաշտօնապէս Արգիլուած Է Թրքական «Գորշ Գայլեր» Խմբաւորման Գործունէութիւնը

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանեն յայտնած է, թէ երկրի տարածքին թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորման գործունէութիւնը արգիլուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Նախարարին համաձայն, թրքական կազմակերպութիւնը ատելութիւն կը բռնկեցնէ եւ կը մասնակցի բռնութիւններու: «Գորշ գայլեր» շարժումը լուծարուած է նախարարներու խորհուրդին կողմէ` հանրապետութեան նախագահի հրամանին համաձայն: Ինչպէս մանրամասն ներկայացուած է հրամանագիրին մէջ, անիկա (շարժումը) խտրականութիւն...

Ֆրանսան Յատուկ Բանագնաց Պիտի Ուղարկէ  Իսլամական Երկիրներուն Մէջ Հակաֆրանսական  Տրամադրութիւնը Չքացնելու Համար

Ֆրանսան Յատուկ Բանագնաց Պիտի Ուղարկէ Իսլամական Երկիրներուն Մէջ Հակաֆրանսական Տրամադրութիւնը Չքացնելու Համար

Ֆրանսան մտադիր է նշանակել յատուկ բանագնաց, որ իսլամական երկիրներու մէջ հակաֆրանսական տրամադրութիւններու զսպումին համար պիտի բացատրէ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` խօսքի ազատութեան եւ աշխարհիկութեան մասին մտածողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Մաքրոն արդէն «Ժազիրա Արապիք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին արդարացուցած է իր մօտեցումը, սակայն մինչեւ այժմ ան լիարժէք աջակցութիւնը ստացած է միայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին: «Տը Կարտիըն»...

«Ֆրանսայի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ահաբեկչութիւնները  Եւրոպական Միութեան Պիտի Չստիպեն  Հրաժարիլ Իր Արժէքներէն»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու  Յանձնախումբի Նախագահը

«Ֆրանսայի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ահաբեկչութիւնները Եւրոպական Միութեան Պիտի Չստիպեն Հրաժարիլ Իր Արժէքներէն» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբի Նախագահը

Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները Եւրոպային պիտի չստիպեն հրաժարիլ իր հիմնարար արժէքներէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահ Միլթիատիս Վարվիցիոթիս` Աթէնքի մէջ յանձնախումբի 130-րդ նստաշրջանի բացման ընթացքին: Վարվիցիոթիսի համաձայն, Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, որոնք փաստացի նպատակ ունէին վախցնել, պիտի...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Համաշխարհային Ու Անմիջական Զինադադար Հաստատելու

«Ահաբեկչութիւնները Կը Վարկաբեկեն Կրօններու Միջեւ Եղբայրական Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտած է Նիսի եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` յայտարարելով, որ անոնք «կը վարկաբեկեն ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Այս օրերուն, երբ մենք կ՛աղօթենք մահացածներուն համար, կարելի չէ չյիշել ահաբեկչութիւններու զոհերուն մասին: Կ՛աղօթեմ ողբերգական հանգամանքներու մէջ զոհուածներուն համար, կը յայտնեմ իմ հոգեւոր մտերմութիւնս անոնց հարազատներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք...

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Միջնորդութեան  Բոլորին Կողմէ Ճանչցուած Ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի  Խմբակի Համանախագահութիւնն Է»

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Միջնորդութեան Բոլորին Կողմէ Ճանչցուած Ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութիւնն Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ հակամարտող կողմերուն հետ աշխատանքներ իրականացնելը, սակայն կը նշէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման բոլորին կողմէ ճանչցուած ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափն է: Լաւրով այս մասին ըսաւ «Քոմերսանթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Համանախագահներու եռեակը կը հանդիսանայ միջնորդութեան բոլորին կողմէ ճանչցուած ձեւաչափը, որուն նպատակն է յաղթահարել այդ վաղեմի...

Սուրիական Բանակը Թրքական Հսկողութեան  Կէտին Վրայ Բարձրացուց Սուրիոյ Դրօշը

Սուրիական Բանակը Թրքական Հսկողութեան Կէտին Վրայ Բարձրացուց Սուրիոյ Դրօշը

Սուրիական բանակը 2 նոյեմբերին մուտք գործած է Մորեք քաղաքին մէջ գտնուող թրքական զինեալ ուժերուն պատկանող նախկին հսկողութեան կէտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Սուրիական կառավարական բանակը իր ուժերը տեղակայած է Համայի հիւսիսը գտնուող այս հսկողութեան կէտէն թրքական ուժերու դուրս գալէն ընդամէնը քանի մը օր ետք: Հսկողութեան վայր հասնելէ ետք բանակի սակրաւորներու խումբերը ստուգած են տարածքը` համոզուելու համար, որ թրքական...

Խամենէի. «Իրան Հուժկու Պատասխան Պիտի Տայ,  Եթէ Ահաբեկիչները Մօտենան Մեր Սահմաններուն.  Իսկ Հայաստանը Պէտք Է Վերադարձնէ Իր «Գրաւած» Տարածքները»

Խամենէի. «Իրան Հուժկու Պատասխան Պիտի Տայ, Եթէ Ահաբեկիչները Մօտենան Մեր Սահմաններուն. Իսկ Հայաստանը Պէտք Է Վերադարձնէ Իր «Գրաւած» Տարածքները»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի տուեալներով` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ ներգրաւուած են տարբեր երկիրներէ ահաբեկիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրեսը», Խամենէիի խօսքերը մէջբերելով իրանական «Ազարիհա» թելեկրամի ալիքէն: «Հակառակ որ ոմանք ահաբեկիչներու ներկայութիւնը կը հերքեն, սակայն վստահելի տուեալներ կան, որ տարբեր շրջաններէն ահաբեկիչներ ներգրաւուած են: Եթէ անոնք մեր սահմաններուն մօտենան, եւ վտանգ զգանք, հուժկու պատասխան պիտի տանք», ընդգծած...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չի Կրնար  Զինուորական Լուծում Ունենալ, Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ  Քաղաքական, Համապարփակ` Բոլոր Կողմերուն  Շահերը Հաշուի Առնող»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չի Կրնար Զինուորական Լուծում Ունենալ, Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ Քաղաքական, Համապարփակ` Բոլոր Կողմերուն Շահերը Հաշուի Առնող» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ կան որոշակի զարգացումներ, որոնք կատարուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ, խօսակցութիւնը այժմ այս մասին կ՛ընթանայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ: «Տակաւին կան (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ) բաւական յստակ զարգացումներ, որոնք կատարուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին...

Քաթալոնական Սանթ Իլարի Սաքալմ Քաղաքի  Քաղաքային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ 27 Սեպտեմբերին  Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Յարձակումը

Քաթալոնական Սանթ Իլարի Սաքալմ Քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ 27 Սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Յարձակումը

Քաթալոնական Սանթ Իլարի Սաքալմ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը դատապարտած է 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն շղթայազերծած յարձակումը, որուն ընթացքին թիրախաւորուած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական դիրքերն ու բնակչութիւնը: Քաղաքային խորհուրդը կոչ ուղղած է յարգելու մարդու իրաւունքները, դադրեցնելու յարձակումները եւ վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւններուն:  

Տաւութօղլու. «Էրտողան Աւելի Վտանգաւոր Է  Քան` «Քորոնա» Համաճարակը»

Տաւութօղլու. «Էրտողան Աւելի Վտանգաւոր Է Քան` «Քորոնա» Համաճարակը»

«Տը Նեշընըլ Նիուզ» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախկին դաշնակից եւ ընդդիմութեան Ապագայ կուսակցութեան նախագահ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Էրտողան աշխարհին համար աւելի մեծ սպառնալիք կը ներկայացնէ, քան «Քորոնա» համաճարակը: Տաւութօղլու իր կուսակցութեան անդամներուն յայտնեց, որ Եւրոպայի եւ աշխարհի մեծագոյն վտանգը բռնապետութեան մշակոյթն է, որ տարածած են ամբոխավար առաջնորդները, ինչպէս` Էրտողանը: «Այնքան ատեն որ մարդիկ կը...

«Միացեալ Նահանգներ Աւստրիոյ, Ֆրանսայի  Եւ Ամբողջ Եւրոպային Կ՛աջակցին  Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարին Մէջ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներ Աւստրիոյ, Ֆրանսայի Եւ Ամբողջ Եւրոպային Կ՛աջակցին Ահաբեկիչներու Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներ Աւստրիոյ, Ֆրանսային եւ ամբողջ Եւրոպային կ՛աջակցին ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մենք կ՛աղօթենք Վիեննայի բնակիչներուն հետ` Եւրոպայի մէջ հերթական գարշելի ահաբեկչական գործողութենէն ետք: Անմեղ մարդոց վրայ այս աղէտալի յարձակումները պէտք է դադրեցնել: Միացեալ Նահանգներ Աւստրիոյ, Ֆրանսային եւ ամբողջ Եւրոպային կ՛աջակցին ահաբեկիչներու դէմ, ներառեալ արմատական իսլամական ահաբեկիչները, պայքարին մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ...

«Ռուսիան Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարին Մէջ Համագործակցելու Աւստրիոյ Հետ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Համագործակցելու Աւստրիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` աւելցնելու Աւստրիոյ եւ այլ երկիրներու համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Ռուսիոյ ղեկավարը հեռագիր յղած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելենին եւ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին` ցաւակցելով Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան համար: «Փութին վերահաստատած է Աւստրիոյ եւ համաշխարհային ընտանիքի այլ անդամներուն հետ համագործակցութեան սերտացման...

Խօսելով Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած  Ահաբեկչութեան Մասին`  «Իսլամական Ահաբեկչութիւնը Մեր Հասարակաց  Թշնամին Է. Այդ Մարդասպաններուն Եւ Զանոնք  Հրահրողներուն Դէմ Պայքարը Մեր Հասարակաց Պայքարն Է»  Կ՛ըսէ Մերքել

Խօսելով Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Մասին` «Իսլամական Ահաբեկչութիւնը Մեր Հասարակաց Թշնամին Է. Այդ Մարդասպաններուն Եւ Զանոնք Հրահրողներուն Դէմ Պայքարը Մեր Հասարակաց Պայքարն Է» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իսլամական ահաբեկչութիւնը «հասարակաց թշնամի» կոչած է: Համապատասխան յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն վերաբերեալ, «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ: «Իսլամական ահաբեկչութիւնը մեր հասարակաց թշնամին է: Այդ մարդասպաններուն եւ զանոնք հրահրողներուն դէմ պայքարը` մեր հասարակաց պայքարը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն եւ...

Page 410 of 883 1 … 409 410 411 … 883

Արխիւներ