Միջազգային

ՄԱԿ-ը Խստօրէն Դատապարտեց Տագնապի  Ընթացքին Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումները

ՄԱԿ-ը Խստօրէն Դատապարտեց Տագնապի Ընթացքին Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումները

ՄԱԿ-ը խստօրէն դատապարտեց Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղի ունեցող մարտական գործողութիւններուն ընթացքին բնակավայրերու վրայ բոլոր յարձակումները եւ ռմբակոծութիւնները: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք: «Կրկին կը կրկնենք ընդհանուր քարտուղարին կոչը բոլոր կողմերուն` անյապաղ սահմանելու մարդասիրական հրադադար, որուն գծով անոնք պայմանաւորուած են, եւ ամբողջութեամբ կատարելու քաղաքացիական անձերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան իրենց պարտաւորութիւնները», յայտնեց...

Փեսքով. «Փութին Եւ Էրտողան Ղարաբաղեան  Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Թուրքիոյ   Հաւանական Մասնակցութեան Հարցը Չեն Քննարկած»

Փեսքով. «Փութին Եւ Էրտողան Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Թուրքիոյ Հաւանական Մասնակցութեան Հարցը Չեն Քննարկած»

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չեն քննարկած թրքական կողմի մասնակցութեան հարցը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ատիկա օրակարգի վրայ չէ եղած», ըսած է Փեսքով: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է 27 հոկտեմբերին: Փեսքով յիշեցուցած է, որ աւելի...

Պայտըն Թրամփին Կոչ Ուղղած Է  Քայլեր Ձեռնարկելու  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ  Պատերազմը Դադրեցնելու

Պայտըն Թրամփին Կոչ Ուղղած Է Քայլեր Ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Պատերազմը Դադրեցնելու

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութեան` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Ճօ Պայտըն նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած է քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու: Ճօ Պայտըն այս մասին յայտարարութիւն տարածած է: «25 հոկտեմբերին արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի կողմէ յայտարարուած հրադադարի խախտումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կեցած է մարդկային լայնատարած աղէտի մը դիմաց: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը...

Արաքչի Ներկայացուցած Է Ղարաբաղեան  Տագնապի Լուծման Իրանեան Ծրագիրը

Արաքչի Ներկայացուցած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Իրանեան Ծրագիրը

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքչի Պաքու հասնելուն պէս յայտարարած է Իրանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու նախաձեռնութեան մասին, կը յայտնէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Իրանի նախագահի յատուկ բանագնացը երէկ կը գտնուէր Պաքու` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը եւ տագնապի լուծման` Իրանի ծրագիրը: Ան իբրեւ իր այցելութեան հիմնական նպատակ նշած է ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը...

Լաւրով Եւ Լը Տըրիան Քննարկեցին Ղարաբաղի  Տագնապի Գօտիին Իրավիճակը

Լաւրով Եւ Լը Տըրիան Քննարկեցին Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Իրավիճակը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան հանգամանալից կերպով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի զարգացումը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին չդադրող լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն առնչութեամբ եւ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեցին` շուտափոյթ եւ լիակատար հրադադարի եւ լարուածութեան թուլացման: Ընդգծուած է տագնապի դիւանագիտական լուծման այլընտրանքի բացակայութիւնը...

Քոնկրեսին Ներկայացուած Են  Բանաձեւեր

Քոնկրեսին Ներկայացուած Են Բանաձեւեր

Մենենտես  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտես Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զէնքի վաճառքը արգիլելու վերաբերեալ բանաձեւեր ներկայացուց Ծերակոյտին: «Հայ ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի կատարած ընթացիկ նախայարձակումը, որ կ՛ուղեկցուի Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ, արդէն իսկ ցաւոտ հետեւանքներ ունեցած է քաղաքային բնակչութեան շրջանակին մէջ եւ յանգեցուցած մարդու իրաւունքներու ոտնահարման: Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար շարունակել զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել ու սպառազինութիւն վաճառել Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, այնքան ատեն...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Կարեւոր  Նկատած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիէն  Ահաբեկիչներու Անյապաղ Դուրս Բերումը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Կարեւոր Նկատած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիէն Ահաբեկիչներու Անյապաղ Դուրս Բերումը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ընդգծուած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շարք մը երկիրներէ անօրինական զինուած կազմաւորումներու զինեալները շրջան տեղափոխելու անընդունելիութիւնը եւ զանոնք...

Թուրքիա Պատրաստ Է Միանալու «Բռնագրաւուած» Խրիմի Ապաշրջափակման Հարթակին

Փուշքով Նշած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զարգացման Հաւանական Դիպաշարերը

Ռուս ծերակուտական, Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի` տեղեկատուական քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով մեկնաբանած է Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ` նշելով ատոր զարգացման հաւանական դիպաշարերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Երեւանի եւ Պաքուի հիմնական դիրքորոշումները անընդունելի են, ինչ որ յստակ էր առանց Փաշինեանի եւ Ալիեւի յայտարարութիւններուն: Անոնց «կարմիր գիծերը» փոխադարձաբար կ՛ոչնչացնեն զիրար. անոնց միջեւ տակաւին...

«Ես Ոչ Մէկ Կասկած Ունիմ, Որ Պատերազմը Սկսած Է  Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ»  Կ՛ըսէ Քազիմիրով

«Ես Ոչ Մէկ Կասկած Ունիմ, Որ Պատերազմը Սկսած Է Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ» Կ՛ըսէ Քազիմիրով

«Ես ոչ մէկ կասկած ունիմ, որ պատերազմը սկսած է Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ: Անիմաստ է մտածել, որ հայերուն յանկարծ պէտք եղած է որեւէ բարձունք կամ տարածք գրաւել Ազրպէյճանէն: Աւելի՛ն, այս պատերազմը պէտք էր ինքնին Իլհամ Ալիեւին, որպէսզի իր ժողովուրդին ըսելիք ունենար` ցանկալով ապացուցել, թէ կրնայ ուժով վերցնել այն տարածքները, որոնք 90-ականներուն զիջած էին», հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի...

«Թուրքիոյ Հռետորաբանութիւնը Հետզհետէ  Աւելի Ռազմատենչ Կը Դառնայ»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը

«Թուրքիոյ Հռետորաբանութիւնը Հետզհետէ Աւելի Ռազմատենչ Կը Դառնայ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը

Թուրքիոյ իշխանութիւններու հռետորաբանութիւնը հետզհետէ աւելի ռազմատենչ կը դառնայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Սասոլին` Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Թրքական հռետորաբանութիւնը առաւել ռազմատենչ կը դառնայ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը ակնյայտօրէն չի մեղմացներ զայն», ըսած է Սասոլի` պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչո՞ւ չի...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ  Կողմերը Կրնան Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Պէտք Է Հասարակութիւններ Ատոր Պատրաստեն,  Ինչ Որ Զինուորական Գործողութիւններու  Պայմաններուն Մէջ Բարդ Է»  Կ՛ըսէ Քաւանօ

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Կողմերը Կրնան Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Պէտք Է Հասարակութիւններ Ատոր Պատրաստեն, Ինչ Որ Զինուորական Գործողութիւններու Պայմաններուն Մէջ Բարդ Է» Կ՛ըսէ Քաւանօ

  Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ կրնայ լուծուիլ միայն բանակցութիւններու ճամբով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է 1999-2001 թուականներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Քերի Քաւանօ: «Զինուորական գործողութիւնները ոեւէ մէկուն շահերէն չեն բխիր: Տագնապին լուծումը կարելի է միայն բանակցութիւններու միջոցով, ատիկա բարդ ճամբայ է», ըսած է ան: Քաւանոյի կարծիքով` կողմերը ի վերջոյ կրնան...

Թրքական Լիրան Արժեզրկման  Նոր Մրցանիշ Արձանագրած Է

Թրքական Լիրան Արժեզրկման Նոր Մրցանիշ Արձանագրած Է

Թրքական լիրան, 26 հոկտեմբերին ամերիկեան տոլարի դիմաց արժեզրկման նոր մրցանիշէ մը ետք (8,0006 լիրա մէկ տոլարին դիմաց) յաջորդ օրը` 27 հոկտեմբերին, նոր վայրէջք մը արձանագրած է` 8,16 տոլար: Թրքական դրամանիշին գինը 2020-ի ընթացքին նուազած է 36 առ հարիւրով, որուն պատճառներն են Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը, Թուրքիոյ ռազմական ծախսերը եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ երկրին ներգրաւումը Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ...

Զարիֆ. «Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մնայուն Լուծման Նախագիծ Մշակած Է»

Զարիֆ. «Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Մնայուն Լուծման Նախագիծ Մշակած Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նիստին մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներուն նուիրուած քննարկումին: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նիստի ընթացքին Զարիֆ յայտարարած է. «Հիմա արտաքին գործոց փոխնախարարը Արեւելեան Ատրպատականի մէջ է, կ՛այցելէ Խոտաֆարինի ջրամբար, որմէ ետք Պաքու, Մոսկուա եւ Երեւան պիտի մեկնի: Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման համար...

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Հայաստան  Պէտք Է Դառնայ Ամերիկայի  Ռազմավարական Գործընկերը»  Կ՛ըսէ Փալոն

Փալոն. «Փոմփէոն Պէտք Է Պնդէ, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցով Կիրարկուի Ռոյս-Էնկելի Համաձայնագիրը»

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն յայտարարած է, որ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն պէտք է պարտադրէ Ռոյս-Էնկելի համաձայնագիրի կիրարկումը: «Մենք յստակ տեղեկութիւն կ՛ունենայինք այն մասին, թէ ո՛ր կողմը այսօր խախտած է Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը, եթէ Ազրպէյճանը թոյլ տար միջազգային դիտորդներուն մշտադիտարկում իրականացնել շփման գիծին մէջ, ինչպէս սահմանուած է Ռոյս-Էնկելի 2015-ի համաձայնագիրին մէջ», ըսած...

Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Կ’ունենայ Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Կ’ունենայ Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Նախագահ Թրամփ Հիասթափուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հրադադարի Դրութեան Խախտումէն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հիասթափուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ հրադադարի մասին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ  պայմանաւորուածութիւնները չյարգելու, չկատարելու փաստէն: Այս մասին նախագահ Թրամփ խօսած է լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  գօտիին մէջ հրադադարը չպահպանելու երեւոյթին: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յոյս յայտնած...

Արձագանգելով Հայաստանի Նախագահի Նամակին`  Պահրէյն Կոչ Ուղղած Է Միաւորելու Հրադադար  Հաստատելու Միջազգային Ջանքերը

Արձագանգելով Հայաստանի Նախագահի Նամակին` Պահրէյն Կոչ Ուղղած Է Միաւորելու Հրադադար Հաստատելու Միջազգային Ջանքերը

Պահրէյնի թագաւոր շէյխ Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆան արձագանգած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ իրեն յղուած նամակին: Նախագահ Սարգսեան 30 սեպտեմբերին նամակներ յղած էր Պահրէյնի թագաւորութեան թագաւորին եւ արաբական շարք մը երկիրներու ղեկավարներու` տեղեկացնելով Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն մասին, եւ նշած միջազգային հարթակներու մէջ անոնց ունեցած կապերու եւ...

Իրանի Բանակի Հրամանատար. «Իրանը Խստագոյնս  Պիտի Պատժէ Հաւատադրժողական  Ահաբեկիչները Իր Սահմաններուն Մօտ»

Իրանի Բանակի Հրամանատար. «Իրանը Խստագոյնս Պիտի Պատժէ Հաւատադրժողական Ահաբեկիչները Իր Սահմաններուն Մօտ»

Իրանը խստագոյնս պիտի պատժէ հաւատադրժողական ահաբեկիչները իր սահմաններուն մօտ: Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, այդ մասին յայտարարած է Իրանի բանակի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Սայիտ Ադոլռահիմ Մուսաուին հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներ կատարած այցելութեան եւ երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան պատրաստութեան վիճակը ուսումնասիրելու ընթացքին: Ան շեշտած է մարդոց, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: «Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները զօրացած են երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ եւ անհրաժեշտութեան պարագային...

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, շարք մը այլ հարցերու կողքին, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրադարձութիւններու զարգացումը: Ռուսական կողմը խոր մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող...

Լաւրով Եւ Տենտիաս Քննարկած Են Լեռնային  Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Խաղաղութեան  Հասնելուն Ուղղուած Միջազգային Ջանքերը

Լաւրով Եւ Տենտիաս Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Խաղաղութեան Հասնելուն Ուղղուած Միջազգային Ջանքերը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննարկած են այն ջանքերը, զորս միջազգային ընտանիքը կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Աթէնքի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս` ամփոփելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած քննարկման...

Քանատան Կը Շարունակէ Արտաքին Կողմերուն  Կոչ Ուղղել` Չմիջամտելու  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Քանատան Կը Շարունակէ Արտաքին Կողմերուն Կոչ Ուղղել` Չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Քանատան դարձեալ արտաքին կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն: Ան նախ տեղեկացուցած է, որ խօսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ` նշելով նաեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ անգամ մը եւս հրադադարի համաձայնութեան մասին: «Մենք կը շարունակենք արտաքին կողմերուն կոչ ուղղել` չմիջամտելու տագնապին եւ ԵԱՀԿ-ի...

Page 412 of 883 1 … 411 412 413 … 883

Արխիւներ