Վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Փեսքովը, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը:
«Քննարկուած է Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման շեշտադրումով», ըսած է Փեսքով:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ զգուշացուցած է պետութեան տարածքին մէջ ծայրայեղական ահաբեկիչներու աշխուժացման երեւոյթէն: