Անծանօթ մը նախանցեալ օր ճափոնական Քաթանա սուրը յիշեցնող գործիքով անակնկալ յարձակում գործեց Քանատայի Քեպեք քաղաքի մէկ թաղամասին մէջ` պատճառելով երկու զոհ եւ հինգ վիրաւոր: Ըստ «Սի. Պի. Սի.» լրատուական կայանին, ձերբակալեալ 24-ամեայ յանցագործին հետ նախնական հարցաքննութիւններէն կը հետեւցուի, թէ ան պատահականօրէն հարուածած է իր զոհերը եւ թէ որեւէ կապ կամ առնչութիւն չունի ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ:
Յանցագործը դարմանումի կ՛ենթարկուի քանատական հիւանդանոցի մը մէջ: Անոր ինքնութիւնը ցարդ չէ յայտարարուած` սպասելով հետաքննութեանց աւարտին: