Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ազդարարեն Թրքական Ինճիրլիք Ռազմակայանին Տեղափոխումը

November 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն ամբողջ եւրոպական ցամաքամասին վրայ կը փնտռէ Միացեալ Նահանգներու թէ՛ հերթական, թէ՛ ալ մնայուն ներկայութեան կարելիութիւնները: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին` արդեօք Միացեալ Նահանգներ որեւէ այլընտրանք գտա՞ծ են Թուրքիոյ հարաւային Ինճիրլիքի շրջանին մէջ գտնուող ռազմակայանի մասին հարցումին ի պատասխան նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական-ռազմական գործերով օգնական Ռ. Քլարք Քուփըր:

«Ահվալնիուզ» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ ամերիկաբնակ թուրք լրագրող Իլհամ Թամեր կը յայտնէ, թէ Քուփըր հինգշաբթի օր կը գտնուէր Աթէնք` հանդիպում ունենալու Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ: Քուփըր նոյն ուղեւորութեան ընթացքին այցելած է նաեւ Կիպրոս եւ Պուլկարիա:

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները սրած են շարք մը հարցերու շուրջ, ներառեալ հիւսիսային Սուրիոյ հարցը, ուր Թուրքիան մեծ տարածքներ առած է իր վերահսկողութեան տակ. այդ տարածքները նախապէս կը գտնուէին Միացեալ Նահանգներու դաշնակից սուրիացի քիւրտերու վերահսկողութեան տակ:

Քուփըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ ընդհանուր առմամբ եւ մասնայատուկ մակարդակի վրայ կը փնտռեն հերթական ներկայութեան կամ մնայուն կերպով ներկայութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները:

Այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի կանգառներէն մէկը ծովային օժանդակ գործունէութեան Սուտա Պէյ ծոցն էր, որ կը նկատուի Միացեալ Նահանգներ-Յունաստան պաշտպանական համագործակցութեան կարեւոր վայրերէն մէկը, ուր կնքուած է երկու երկիրներուն միջեւ ընդլայնուած փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրը:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Եօթը Կուսակցութիւն Եւ Երկու Դաշինք Յաջողած Են

Յաջորդը

Պորիս Ճոնսընի` Երկիրը Փակելու Որոշումին Կ՛ընդդիմանան Իր Իսկ Կուսակցութեան Անդամները

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.