Երէկ երեկոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ գտնուող սինակոկի մը մէջ անյայտ անձ մը քանի մը կրակոց արձակած եւ ինքզինք պայթեցուցած է:
Վիեննայի տեղական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ կան 7 զոհեր: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ բացառած, որ դէպքը կապ ունենայ ահաբեկչութեան հետ` աւելցնելով, որ յարձակումը կատարած են մէկէ աւելի անձեր: