Միջազգային

Վերին Գալիլիոյ Մէջ Պայթում Մը  Մէկ Զոհ Եւ 20 Վիրաւորներ Պատճառեց

Վերին Գալիլիոյ Մէջ Պայթում Մը Մէկ Զոհ Եւ 20 Վիրաւորներ Պատճառեց

Երէկ Հիւսիսային Իսրայէլի Լիբանանի սահմանին մօտ Վերին Գալիլիոյ մէջ կրօնական դպրոցի մը աշակերտներու դպրոցական պտոյտի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ պայթում մը, որ զոհ մը եւ 20 վիրաւորներ պատճառեց: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իլա Ուաուիէ յայտնեց, թէ ի յայտ եկած է, որ, ըստ երեւոյթին, պայթածը Հըզպալլային պատկանող տարանջատուող ռումբ մըն է, որ շրջանին մէջ մնացած է եւ պայթած:

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Եընպոհ Նաւահանգիստը  Պաշտպանելու Ընտրանքներ Կը Սերտենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Մանտոն

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Եընպոհ Նաւահանգիստը Պաշտպանելու Ընտրանքներ Կը Սերտենք» Կ՛ըսէ Զօր. Մանտոն

Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆայպիէն Մանտոն նշեց, թէ Ֆրանսան ու Սէուտական Արաբիան Եընպոհ քարիւղի նաւահանգիստի պաշտպանութեան օգնելու համար, ֆրանսական զինուորական միջոցներու օգտագործումը ներառող, շարք մը ընտրանքներ կը սերտեն: Ֆրանսական խորհրդարանի մէջ յայտնեց. «Տակաւին հարցը Սէուտական Արաբիոյ հետ ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է: Մենք տարբեր ընտրանքներ կը քննարկենք` պաշտպանելու Եընպոհ նաւահանգիստը, որ յարձակումի կ՛ենթարկուի, եւ որ նաւթամթերքի առեւտուրի համար հիմնական...

Էրտողանն Ու Փութինը Քննարկած Են  Սեւ Ծովու Մէջ Նաւարկութեան Անվտանգութիւնը

Էրտողանն Ու Փութինը Քննարկած Են Սեւ Ծովու Մէջ Նաւարկութեան Անվտանգութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ընդգծած է Սեւ ծովուն մէջ նաւերու անվտանգ տեղաշարժը ապահովելու կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին համաձայն, Էրտողանը նաեւ վերահաստատած է Անգարայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու կազմակերպման: Անգարան նախապէս Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած էր դադրեցնել Սեւ Ծովուն մէջ յարձակումները եւ...

Շարհ-Պըն Զայետ Հեռաձայնային Զրոյց

Շարհ-Պըն Զայետ Հեռաձայնային Զրոյց

Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանին հետ: Անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ` շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին: Երկու նախագահները նաեւ քննարկած են տնտեսական ու ներդրումային գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Անոնք ընդգծած...

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի  Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի  Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերած է Ռուսիոյ կողմէ ամերիկեան եւ համաշխարհային շուկայ մազութի մատակարարման: «Ռուսիան անյապաղ ամերիկեան եւ համաշխարհային շուկային աւելի քան 300 հազար թոն մազութ պիտի մատակարարէ, եւս 500 թոն` նոյեմբեր ամսուան ընթացին, եւ 1 միլիոն թոն` ատկէ անմիջապէս ետք: Բացի ատկէ, անոնց...

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի  Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Հուսիները դարձեալ յարձակում գործեցին Ռիատի «Մալեք Խալետ» օդակայանին վրայ` պատճառելով 12 զոհեր, որոնց շարքին` 4 սէուտցիներ, երկու պանկլատեշցիներ, ամերիկացի մը, եգիպտացի մը, յորդանանցի մը, սուրիացի մը, պաղեստիցի մը եւ սուտանցի մը, ինչպէս նաեւ` 309 վիրաւորներ: Յարձակումը նաեւ նիւթական վնասներ պատճառեց: Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքի բանբեր Թուրքի Մալիքի յայտնեց, թէ շաբաթ օր ճամբորդներու սրահներէն մէկուն վրայ յարձակումը «հուսիական միլիս»-ը գործած է, եւ...

«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք  Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ  Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու» Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի նշեց. «Չինաստանը կարեւոր դրացի է, եւ հակառակ դժուարութիւններուն, մեր միջեւ տարիներու վրայ երկարող երկարատեւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին: Աշխատանք պիտի տանինք հասարակաց մարտահրաւէրներու վերաբերեալ կապ հաստատելու, եւ քաջալերելու երկխօսութիւնը պահպանելու համար մեր ազգային շահերը եւ շինիչ ու կայուն յարաբերութիւն հաստատելու»: Ան այս մասին յայտարարեց ճափոնական խորհրդարանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր արտասանած մէկ խօսքի ընթացքին: Ճափոնի վարչապետը...

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրանի հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ կը վարենք»: «Ամերիկայի մէջ 3 նոյեմբերին նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի վրայ յարձակում պիտի չգործենք», յայտարարեց Թրամփ: «Իրանը թէ՛ տնտեսական, թէ՛ զինուորական գետնի վրայ չափազանց վատ վիճակի մէջ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շրջափակումը իր ամբողջ ուժով եւ ազդուութեամբ ուժի մէջ է»: «Քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն կը հոսի մրցանշային քանակով. միայն երէկ...

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտարարեց, թէ Քոլոմպիան չորեքշաբթի օր Երուսաղէմի մէջ պիտի բանայ իր դեսպանատունը` Քոլոմպիոյ աջակողմեան նախագահ Ապելարտօ Տէ Լա Էսփրիելայի որոշումով: Քոլոմպիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հաղորդեց. «Նախարար Օմար Պուլա կիրակի օր Իսրայէլ պիտի մեկնի` դեսպանատան բացումին մասնակցելու համար»:  

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թուրքմենիստանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Կը կարծենք, որ պէտք է պատերազմին վերջ տալ, եւ բոլոր պետութիւնները պէտք է մեր իրաւունքները յարգեն»: «Եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակեն իրենց ինքնագլուխ գործելաոճը, կարելի պիտի չըլլայ մօտիկ ապագային պատերազմին վերջ տալ», շեշտեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ կ՛ընդլայնուին»:...

2026 Թուականի Խաղաղութեան Նոպելեան  Մրցանակը Շնորհուած Է  Նաւանեթհեմ «Նաւի» Փիլլային

2026 Թուականի Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուած Է Նաւանեթհեմ «Նաւի» Փիլլային

2026 թուականի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուած է հարաւային ափրիկեցի, ծագումով հնդիկ Նաւանեթհեմ «Նաւի» Փիլլային: Այս մասին յայտնեց Նոպելեան յանձնախումբը: «Նորվեկիական Նոպելեան կոմիտէն որոշած է 2026 թուականի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհել Նաւանեթհեմ «Նաւի» Փիլլային` Խաղաղութեան եւ միջազգային օրէնքի խթանման գործին մէջ ունեցած ջանքերուն համար», գրուած է յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ բնախօսութեան եւ բժշկութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ գիտնականներ Քարլ Տյէսերոթին, Փեթեր...

Փեսքով. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները  Տնտեսական Գործակցութեան Շարք Մը  Ծրագիրներ Կը Քննարկեն»

Փեսքով. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Տնտեսական Գործակցութեան Շարք Մը Ծրագիրներ Կը Քննարկեն»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները տնտեսական ոլորտին մէջ գործակցութեան շարք մը հաւանական ծրագիրներու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն` նշելով, որ այդ ծրագիրները «կրնան փոխադարձ շահաւէտ ըլլալ»: Նշենք, որ Ռուսիոյ Ուղղակի ներդրումներու ֆոնտի նախագահ Քիրիլ Տմիթրիեւը անցեալ շաբաթ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ վարած էր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տմիթրիեւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներու շարքին հանդիպում ունեցած...

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իրանցիները պատրաստ են տեղի ունեցողը դադրեցնելու համար Միացեալ Նահանգներուն որեւէ բան տալու: Ան նշեց, որ Իրանի համաձայնութիւն գոյացնելը իր իրապէս փափաքած ընտրանքը չէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուց, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ ներկայիս Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու վրայ կ՛աշխատի եւ չափազանց լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ: Նախքան այդ, Թրամփ նշած էր. «Իրանի հետ հակամարտութիւնը մօտ...

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

Հուսիներու զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, թէ իրենք հեռահար հրթիռով «ճշգրիտ կերպով» հարուածած են Ռիատի «Մալեք Խալետ» օդակայանը, ինչպէս նաեւ այլ հեռահար հրթիռով հարուածած Ռաս Աարա շրջանի Քաաուա ճամբարին մէջ սէուտական ուժերու կուտակումները: Անոնք նաեւ վար առած են Թաազ նահանգին վերեւ թռիչք կատարող սէուտական զինուած հետախուզական օդանաւ մը: Սէուտական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Ռիատի «Մալեք Խալետ» միջազգային օդակայանին վրայ կատարուած յարձակումին...

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` ՔԱԿ-ը յայտարարեց. «Թուրքիա գտնուող մեր բոլոր ուժերը հեռացան»: Կուսակցութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օճալանի ազատութեան առնչուած քայլերը չուշացնելու»` նշելով. «Թրքական կառավարութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթն ու ժողովրդավարական հասարակութիւնը յառաջ մղելու բաւարար քայլեր պէտք է որդեգրէ»:

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրան պէտք է Միացեալ Նահանգներու պահանջները կատարելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ աւելի քան եօթը ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմին վերջ տալու համար իւրանիոմի հարստացման իր կարողութիւնը «խորքային» կերպով նուազեցնէ: Վանս ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին դրական տրամադրուած են Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացման, սակայն պայման կը դնեն, որ իրանեան...

Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

Թուրքիան կրնայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռազմակայան ստեղծել` Մեքքայի պաշտպանական դաշինքի ծիրին մէջ թագաւորութեան մէջ զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներու ենթապատկերին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը: Ըստ օրաթերթի տեղեկութիւններուն, Մեքքայի դաշինքի (Փաքիստան, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա) անդամ երկիրներուն կողմէ 5 հոկտեմբերին Ռիատի մէջ որդեգրուած` միացեալ պաշտպանութեան պարտաւորութիւններու գործնական իրականացման անյապաղ անցնելու եւ զինուորական ուժերու տեղակայման մասին որոշման ծիրին մէջ,...

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իրանը պատասխանատու կը նկատէ՞ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւի միջադէպին յայտարարեց, որ անձնապէս կը կարծէ, որ Իրանը իրապէս պատասխանատու է: Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարած էր, թէ մինչեւ հիմա Իրանի մեղսակցութեան վերաբերեալ որեւէ կտրուկ ապացոյց չէ տեսած: «Միշտ դրական տրամադրուած եմ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու նկատմամբ, եւ...

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

Սէուտական Արաբիան, Փաքիստանն ու Թուրքիան Ռիատի մէջ գումարած են Մեքքայի պաշտպանութեան դաշինքի ռազմավարական քաղաքական ու պաշտպանական յանձնախումբի արտակարգ նիստ` քննարկելու համար Սէուտական Արաբիոյ առջեւ ծառացած անվտանգութեան զարգացումներն ու սպառնալիքները: Այս մասին կը հաղորդէ Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը: Մեքքայի պաշտպանութեան դաշինքի հաստատութենական կառուցման ծիրին մէջ, յանձնախումբը որոշած է Փաքիստանէն հանգստեան կոչուած դերզօրավար Նոհման Մահմուտին նշանակել իր առաջին ընդհանուր քարտուղարը`...

Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ 7 հոկտեմբերի յիշատակի նշման նախօրեակին հրամայած է իսրայէլեան բանակի մարտական պատրաստուածութիւնը բարձրացնել առաւելագոյն մակարդակի: Քացի գրասենեակը նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարը բանակին յանձնարարած է մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացնել եւ Կազայի մէջ տարբեր կարելիութիւններուն պատրաստուիլ: «Համասի 7 հոկտեմբերի յիշատակին Կազայի մէջ մեր ուժերուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու մտադրութեան մասին տեղեկութիւններ ստացանք», ըսաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը: «Եթէ...

Page 4 of 881 1 … 3 4 5 … 881

Արխիւներ