Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թուրքմենիստանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Կը կարծենք, որ պէտք է պատերազմին վերջ տալ, եւ բոլոր պետութիւնները պէտք է մեր իրաւունքները յարգեն»:
«Եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակեն իրենց ինքնագլուխ գործելաոճը, կարելի պիտի չըլլայ մօտիկ ապագային պատերազմին վերջ տալ», շեշտեց Փեզեշքիան:
Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ կ՛ընդլայնուին»:
Փութին իր կարգին Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը որակեց «վտանգաւոր»` աւելցնելով, որ Ռուսիան ամբողջովին կը գիտակցի այն իսկական եւ անկեղծ ջանքերուն, զորս Թեհրան կը թափէ շրջանին մէջ հակամարտութեան վերջ տալու համար:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Ռուսիան իր կարելին պիտի ընէ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւններու կարգաւորման եւ կայունութեան վերականգնման օգնելու համար:


