Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտարարեց, թէ Քոլոմպիան չորեքշաբթի օր Երուսաղէմի մէջ պիտի բանայ իր դեսպանատունը` Քոլոմպիոյ աջակողմեան նախագահ Ապելարտօ Տէ Լա Էսփրիելայի որոշումով:
Քոլոմպիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հաղորդեց. «Նախարար Օմար Պուլա կիրակի օր Իսրայէլ պիտի մեկնի` դեսպանատան բացումին մասնակցելու համար»:


