Հուսիներու զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, թէ իրենք հեռահար հրթիռով «ճշգրիտ կերպով» հարուածած են Ռիատի «Մալեք Խալետ» օդակայանը, ինչպէս նաեւ այլ հեռահար հրթիռով հարուածած Ռաս Աարա շրջանի Քաաուա ճամբարին մէջ սէուտական ուժերու կուտակումները:
Անոնք նաեւ վար առած են Թաազ նահանգին վերեւ թռիչք կատարող սէուտական զինուած հետախուզական օդանաւ մը:
Սէուտական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Ռիատի «Մալեք Խալետ» միջազգային օդակայանին վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած են զոհ մը եւ 8 վիրաւորներ, իսկ Ապհայի օդակայանի ենթակառոյցներուն վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով` 2 զոհ եւ 28 վիրաւոր:
Քուէյթը, Յորդանանը, Եգիպտոսն ու Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը դատապարտեցին «Մալեք Խալետ» եւ Ապհայի օդակայաններուն վրայ հուսիներու յարձակումները:
Ի պատասխան սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը աւելի քան 80 հարուած հասցուցած է Սաատա, Հոտէյտա, Ժաուֆ եւ Մաարեպ նահանգներուն մէջ հուսիներու զինուորական յենակէտներուն:
Երկու կողմերէն զինուորական աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Եմէնի արեւմուտքին մէջ բախումներու հետեւանքով արձանագրուած են առնուազն 62 զոհեր` 37 հուսիներէն եւ աւելի քան 25` կառավարական ուժերէն: ԱՖՓ-ի համաձայն, այդպիսով երկուշաբթի օրուընէ ի վեր բախումներու ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է աւելի քան 330-ի:


